2012-08-18 13:19:30

Գերմանիոյ Միւնիխ Քաղաքին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Եւրոպայի Գաղտէացի Երիտասարդներու Առաջին Հաւաքը։


Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ, 10-12 օգոստոս, տեղի ունեցաւ Եւրոպայի գաղտէացի երիտասարդներու առաջին հաւաքը։ Եւրոպայի զանազան քաղաքներէն եկած գաղտէացի երիտասարդներու հանդիպումին նպատակն է ընդառաջել Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի հրաւէրին հաւատքի տարւոյն համար ( 2012-2013)։ Անոնք միասնաբար աղօթեցին ու խորհրդածեցին Արեւելեան Եկեղեցւոյ նոր աւետարանութեան հոգեւորութեան համար։
Յայտնենք որ Գաղտիոյ եկեղեցին Իրաքի պատերազմի տարիներուն բազմաթիւ խոստովանողներ ու նահատակներ տուաւ։ Կարտինալ Սանտրի` կառավարիչը հաւատոյ ժողովին, երիտասարդներուն ուղղած պատգամին մէջ կը գրէ. ''Աստուած ամէն ինչի կարող է եւ ամէն բանի կը յաղթէ''։ Միւնիխ համախմբուած գաղտեացի երիտասարդները պէտք է աշխատին հաւատարիմ մնալու Քրիստոսի ու Եկեղեցւոյ։ Ձեր եկեղեցին դարերու հոլովոյթին միշտ արիութեամբ խոստովանած ու հաւատարիմ մնացած է Քրիստոսին, սպասելով գարնան նոր եղանակին, որուն դուք պիտի դառնաք ռահվիռաները՝ Քրիստոսի անունը քարոզելու բոլոր ազգերուն։










All the contents on this site are copyrighted ©.