2012-08-18 13:36:53

«Հալէպահայութիւնը Ինքն Է Տէրը Իր Ճակատագիրին»


«Երկիր Մետիա»-ի տեղեկութեան համաձայն՝ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնած է թէ՝
Հալէպի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն պայթումներն ու կրակոցները դարձած են ամէնօրեայ եւ սովորական ու կը շարունակուին գրեթէ օրուան որեւէ մէկ ժամուն: Քաղաքի կեդրոնական մասերուն մէջ իսկ երբեմն-երբեմն կը լսուին դէպքեր: Նոր Գիւղի մուտքին` Գաբրիի շրջանը ռումբի մը պայթումը, յառաջացուցած հրդեհ մը, պատճառ դարձաւ կարգ մը նիւթական վնասներու, ինչպէս` շէնքերու եւ ինքնաշարժներու վնասներու:
Ռէյիսեան ընդգծեց, որ հայերը որեւէ մարդկային կորուստի դէպք չունեցան: Ըստ անոր, քաղաքը իր ընդհանուր վիճակին մէջ որոշ բարելաւում մը արձանագրած է, ինչպէս ծառայողական բաժինները բարելաւուած են, ելեկտրականութիւնը, մաքրութիւնը, սակայն հաղորդակցութեան միջոցները չեն գտած իրենց բնականոն ընթացքը: Ան աւելցուց, որ սղաճը դարձած է լուրջ մտահոգութիւն ամբողջ ժողովուրդին համար:
Ան ուզեց նշել այլ կէտ մը, որ կը վերաբերի լրատուական գործակալութիւններուն եւ լրագրողներուն, որոնք թէեւ իրենց հոսանքի եւ պատկանելիութեան անկիւնէն առաջնահերթ նիւթ կը դարձնեն Սուրիան ու սուրիահայութեան ապագան, սակայն յաճախ կ՛եզրայանգեն հաւաքական գաղթի լուծումով մը` միաժամանակ պարտականութիւններու եւ պարտաւորութիններու բաշխումներ կատարելով Հայաստանի պետութեան ղեկավար դէմքերէն մինչեւ գաղութի պատասխանատուները: Նշելով լրատուական միջոցներուն, ան շեշտեց, որ լաւ պիտի ըլլայ, եթէ լրագրողները բախտի ուրուականով չշահագործեն խուճապի մատնուած մարդոց տրամադրութիւնները, միաժամանակ նաեւ տագնապի չմատնեն յատկապէս Սուրիայէն դուրս գտնուող հայրենակիցներուն մտքերն ու հոգիները: Ռէյիսեան յայտնեց, որ բոլորը պէտք է վստահ ըլլան, որ սուրիահայութիւնը, հալէպահայութիւնը կը մնայ կանգուն պատնէշի վրայ եւ առայժմ որեւէ լուրջ վտանգ չի սպառնար անոր գոյութեան, իսկ յոռեգոյն պարագային, ծանր անելի մը պարագային, գաղութի ղեկավարութիւնը անկասկած կը տնօրինէ պարտն ու պատշաճը` ի հարկին Հայաստանի դիւանագիտութեան հետ համակարգուած եւ օրուան համաձայն ճշդելով կամ որոշելով լուծումները: Ան աւելցուց, որ լրագրողները պէտք է գիտնան, որ սուրիահայութիւնը եւ հալէպահայութիւնը ինքն է տէրը իր ճակատագիրին, եւ ոչ թէ պատահական արտայայտութիւններով կրնան ալեկոծել մարդոց մտքերը:









All the contents on this site are copyrighted ©.