2012-08-17 13:26:09

Ս. Աթոռը Կը Խնդրէ Միջամտութիւնը Սննդական Համաշխարհային Տագնապին Դէմ։


Միջազգային հասարակութիւնը պէտք է հակազդէ որպէսզի չկրկնուի 2007-2008-ի սննդական համաշխարհային տագնապը, կը յայտարաէ ՄԱԿի մօտ Ս. Աթոռի մնայուն դէտը' գերապայծառ Սիլվանօ Թոմազի։ Վատիկանի դիւանագէտի գնահատումով՝ հարկաւոր է որ կեանքի հայող, ինչպէս ջուրը եւ սնունդը, աշխարհի բարիքներու հաւասար բաշխուին, որովհետեւ սննդային կրկին տագնապի կրկնութիւնը կարող է ունենալ ողբերգական ու ծանրակշիռ անդրադարձ մը։ ԱՄՆի, Ռուսիոյ եւ Աւստրալիայի մէջ տիրող երաշտը մեծապէս կը մտահոգէ միջազգային հասարակութիւնը։ Վատիկանի դիւանագէտը կը յիշեցնէ որ աշխարհի վրայ աւելի քան 170 միլիոն երախաներ կը տառապին սնունդի պակասէն։ Առանձին Եմէնը կը հաշուէ շուրջ 10 միլիոն սովահարներ, նոյնպէս սովէն կը տառապին Սահելը, Սոմալիան եւ հարաւային Սուտանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.