2012-08-16 10:55:56

ՀՀ Նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի Եւ Վարչապետ՝ Տիգրան Սարգեսեանի Ցաւակցական Հեռագիրները, Իրանի Աւերիչ Երկրաշարժին Առիթով


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատին` Իրանի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին առիթով: Ցաւակցագիրին մէջ, հայրենի նախագահը նշեց, որ ինք խոր ցաւով տեղեկացած է Իրանի Արեւելեան Ատրպատական նահանգին մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին մասին, որ հարիւրաւոր մարդկային զոհերու, բազմաթիւ վիրաւորներու եւ ահռելի աւերի պատճառ հանդիսացաւ: Նախագահը իր անկեղծ վշտակցութիւնը յայտնեց զոհերու հարազատներուն եւ մտերիմներուն, ինչպէս նաեւ Իրանի բարեկամ ամբողջ ժողովուրդին: Նախագահ Սարգսեան Հայաստանի պատրաստակամութիւնը յայտնեց ցուցաբերելու անհրաժեշտ օժանդակութիւնը ողբերգութեան հետեւանքներու յաղթահարման համար:
Իր կարգին, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան եւս ցաւակցական հեռագիր յղեց Իրանի նախագահի առաջին տեղակալ Մոհամետ Ռեզա Ռահիմիին` Իրանի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին առիթով:
Հեռագիրին մէջ վարչապետը իր եւ Հայաստանի կառավարութեան անունով խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ երկրաշարժին պատճառով զոհ գացած աւելի քան 300 մարդոց համար եւ կը խնդրէ սփոփանքի եւ կարեկցանքի խօսքեր փոխանցել զոհերու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն:
Վարչապետը հեռագիրին մէջ ընդգծեց, որ այս դժուար պահուն Հայաստանի ժողովուրդը կանգնած է եղբայրական Իրանի կողքին եւ պատրաստ է ուժերու ներածին չափով իր օժանդակութիւնը ցուցաբերելու աղէտի հետեւանքներու յաղթահարման հարցին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.