2012-08-16 10:26:01

Արաբական Ծոցի Երկիրներու Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղար Հրայր Ճէպէճեան Հետեւեալ Ցաւակցագիրը Յղած է Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին.


Ցաւով իմացանք Հայր Վարդան Եպիսկոպոս Աշգարեանի մահուան գուժը: Անձնապէս՝ երկար տարիներու վրայ երկարած, ծանօթ ըլլալով երջանկայիշատակ Գերապայծառին, քաջատեղեակ էինք անոր բեղուն գործունէութեան:
Քրիստոսի, Անոր եկեղեցիի եւ Հայ ժողովուրդի մէջ անոր աշխատանքը մէկ լաւագոյն ապացոյցն էր անոր նուիրական կեանքին, որ եղաւ աշխուժ, անսահման նուիրումով եւ ծառայութեամբ լեցուն: Հայր Վարդան Եպիսկոպոս Աշգարեանի ծառայութեան կեանքը անշահախնդիր էր՝ քրիստոնէական սկզբունքով եւ գիտակցութեամբ: Անոր ծառայութիւնը հասաւ եկեղեցիին, գաղութին, դպրոցին, մշակոյթին, գիրին եւ գրականութեան: Բայց անպայմանօրէն ան հասաւ մարդուն, որովհետեւ հաւատացած էր կեանքի մէջ մարդկային յարաբերութեան եւ արժէքներու:
Կը ցաւակցինք ձեր բոլորին հետ: Լիբանանահայ գաղութը կորսնցուց իր հաւատաւոր եւ նուիրեալ եկեղեցականներէն մին, որուն յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ մեր բոլորին մէջ:
Կը ցաւիմ որ անձնապէս չկրցայ ներկայ ըլլալ եւ փոխանցել ցաւակցութիւններս: Կը խնդրեմ ընդունեցէք իմ եւ Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան խորզգած ցաւակցութիւնները ձեզի, Հայ Կաթողիկէ թեմերուն, Միաբանութեան եւ իր ընտանեկան պարագաներուն: Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնը կը հայցենք ձեր բոլորին:
Ցաւակցօրէն՝ Հրայր Ճէպէճեան
Ընդհանուր Քարտուղար Աստուածաշունչի Ընկերութեան Արաբական Ծոցի Երկիրներու








All the contents on this site are copyrighted ©.