Ամերիկահայերը Օգնութեան Ձեռք Կ՝երկարեն Սուրիահայերուն։
Հաղորդագրութիւն (15 Օգոստոս, 2012) - Սուրիոյ մէջ աւելի քան 17 ամիսներու
իրադարձութիւնները վերջին շաբաթներուն հասած են աղէտալի զարգացումներու ու անոնց ահաւոր
հետեւանքները ծանօթ են բոլորիս£ Երկիրը զինեալ դէպքերու կրակէ օղակին մէջ բռնած կացութենէն
գլխաւոր տուժողն է անմեղ բնակչութիւնը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ հայ համայնքը: Սուրիոյ
Հայ համայնքը ունի դարաւոր պատմութիւն, եւ իր պատմական իրագործումներով, իւրայատուկ տեղ
ու ներդրում ունի հայկական գաղթաշխարհի պատմութեան մէջ: Յատկապէս Ցեղասպանութենէն ետք
աւելի մեծ ծաւալ ստացած այս գաղութը, հայավայել աշխատանքով ու ջանասիրութեամբ, ընդհանրապէս
բարօր վիճակ կերտած է սեփական ընտանիքներու թէ ազգային կառոյցներու` եկեղեցիներու, դպրոցներու
հաստատումով: Այսօր, ծանօթ իրադարձութեանց հետեւանքով, գաղութը մատնուած է տագնապալի
վիճակի: Սուրիոյ մեր գաղութի կազմակերպութիւնները, հաւատարիմ` մեր ազգային նկարագիրին,
արդէն նախաձեռնած են գաղութի կարիքներուն հասնելու ծրագրուած ու համադրուած հաւաքական
աշխատանքին: Ի տես ստեղծուած վիճակին, հայութիւնը չի կրնար անտարբեր մնալ, այլ կը մղուի
գործի, կանգնելու համար Սուրիոյ հայութեան կողքին, պատրաստ է օգնութեան ձեռք երկարելու
անոր: Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի հայութիւնը եւս մտահոգ է սուրիահայ տագնապով:
Հայութեան աշխարհատարած ընտանիքին ոեւէ մէկ անդամին հասած վնաս` հաւասարապէս կը ցաւցնէ
ընտանիքին բոլոր անդամները` ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի: Հայավայել գիտակցութեամբ
պատրաստակամ ըլլանք մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ աջակցելու մեր հայրենակիցներուն,
ինչպէս որ օժանդակութեան ձեռք երկարած ենք Հայաստանին, Արցախին, Լիբանանի, Իրաքի եւ այլ
տագնապահար գաղութներու: Արդ, կոչ կþուղղենք շրջանիս հայութեան, որպէսզի ընդառաջէ
Սուրիոյ հայութեան կարիքներուն եւ նուիրաբերէ ի խնդիր Սուրիոյ հայկական օճախին բարօրութեան
պահպանման: Սուրիոյ Հայ գաղութը իր դարաւոր առաքելութիւնը կենսագործած է բարձրաճակատ,
այսօր ալ կառչած կը մնայ իր օճախին, իրազեկ է, որ գաղթաշխարհի տարածքին ունի իր անփոխարինելի
եւ անկորնչելի տեղն ու դերը, զոր պէտք է պահպանել միահամուռ կեցուածքով:
Այսու
կը հաղորդենք մեր ազնիւ ժողովուրդին, որ կազմուած է “Սուրիոյ Հայութեան Զօրակցութեան
Միացեալ Մարմին՚” մը: ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ, ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ, ՄԻՔԱՅԷԼ ԵՊՍԿ.
ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ, ՎԵՐ. ՅՈՎՍԷՓ ՄԱԹՈՍԵԱՆ, Ս.Դ.Հ.Կ.-Հ.Յ.Դ.-ՌԱԿ- Հ.Բ.Ը.Մ-ՀՕՄ-ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏ.
ԸՆԿ.