2012-08-13 11:40:51

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Նորին Սրբութեան Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն աղօթքը
Կիրակի 12 Օգոստոսի՝ կէսօրին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը արտասանեց, Գասթել Կոնտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոցէն, բազմահարիւր ուխտաւորներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց ''Հացի Բազմացումի'' հրաշքին վրայ, որով Տէրը յագեցուց աւելի քան հինգ հազար հոգի։ Հացի Բազմացումէն ետք Յիսուս ամբոխին ըսաւ. ՜՜գացէք` աշխատեցէք ոչ թէ կորնչական կերակուրին համար, այլ կերակուրին որ կը մնայ յաւիտենական կեանքին համար՝՝։
Հացի բազմացումով, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Տէրը ուզեց հասկցնել անոնց այդ հրաշքին խոր նշանակութիւնը։ Բազմութեան ֆիզիքական անօթութիւնը յագեցնելով Յիսուս կը տրամադրէ զանոնք յայտնելու, որ ինքն է երկինքէն իջած հացը, որ վերջնականապէս կը յագեցնէ մարդը։ Հրեայ ժողովուրդը արդարեւ, անապատի ճանապարհութեան երկար տարիներու ընթացքին, փորձարկեց երկինքէն իջած հացը` մանանան, եւ զինք կեանքին մէջ պահեց մինչեւ անոր հասնիլը խոստացուած երկիրը։ Յիսուս ինքն իր մասին կը խօսի ըսելով ''ես երկինքէն իջած եմ'' ես եմ կեանքի հացը, ով որ ուտէ անկէ, պիտի չմեռնի։ Այս հացը կերողը յաւիտեան կ'ապրի։ Ան է հացը որ յաւիտենական կեանք կու տայ, որովհետեւ Ինքն է Աստուծոյ Միածին Որդին։ Յաւիտենական կեանքը, մարդուն համար, կեանքի լիութիւնը եւ կատարելիութիւնը հաղորդող կեանքն է, որովհետեւ նոյնիսկ մահէն ետք կը շարունակուի Յարութեան յոյսով։ Հայրը առաջին աղբիւրն է կեանքին, իսկ Որդին` հաւատացեալները հաղորդակից կ'ընէ Անոր։ Աստուծոյ ճանաչումը, Աստուծոյ սէրը, գործերը, կեանքը` Յիսուսէն կ'անցնին աշակերտներուն եւ հաւատացեալներուն։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ներկաները հայցելու Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի օգնութիւնը որպէսզի, ըսաւ ան, ՜՜Տիրամայրը մեզ առաջնորդէ դէպի Յիսուս , եւ որպէսզի մեր կապը Տիրոջ հետ միշտ աւելի մտերիմ դառնայ։ Իրմէ հայցենք որպէսզի մեզ դնէ սիրոյ կատարեալ հաղորդութեան մէջ իր Միածին Որդիին հետ, Ան որ Երկինքէն իջած կենդանի հացն է, որպէսզի Իրմով վերանորոգուինք։
Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքէն անմիջապէս ետք, Սրբազան Քահանայապետը ողջոյնի ու քաջալերական խօսք մը ուղղեց ասիական բնակչութեան եւ մասնաւորապէս Փիլիպպեանններու ու Չինաստանի այն բանակիչներուն՝ որոնք ողբերգական պահեր կ'ապրին, տեղատարափ անձրեւներու հետեւանքով, ինչպէս նաեւ Իրանի հիւսիս արեւմուտքի բնակիչներուն, որոնք թիրախ եղան մահացու երկրաշարժի։
Այս ողբերգական դէպքերը մեծ վնասներ պատճառեցին եւ անոնցմէ շատերը առանց տունի մնացին, ըսաւ Սրբազան հայրը աւելցնելով. ՜՜ Ձեզ կը հրաւիրեմ որ հետս աղօթէք զոհերուն ու աղէտեալներուն համար։ Մեր այս եղբայրներու թող չպակսի մեր զօրակցութիւնն ու օգնութիւնը՝՝։
Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ըսելով. ՜՜Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի սէրը ձեզի միշտ ընկերանայ։ Բարի կիրակի ամէնուդ։ Ձեզ ամէնքդ կ'ողջունեմ։ Թող Յիսուսի Անունը միղտ փառաւորեալ ըլլայ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.