2012-08-13 11:42:48

Պելկիոյ Մօտ Առաքելական Դեսպան՝ Ճաչինդօ Բերլոգօ Կը Խօսի Առաքելական Դեսպանի Դերին Ու Պաշտօնին Մասին։


Գերապայծառ Ճաչինդօ Բերլոգօ` առաքելական դեսպանը Պելկիոյ կառավարութեան մօտ, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով կը խօսի Ս. Աթոռի առաքելական դեսպանին դերին ու առաքելութեան մասին։
Որպէս Վատիկանի դեսպան, կը սիրեմ այցելել ժողովրդապետութիւնները, թեմերը, եկեղեցական կազմակերպութիւնները, ինծի համար անձնական շփումները յոյժ կարեւոր են ճանչնալու տեղական համայնքին իրավիճակը ու երկրին ընկերաքաղաքային իրականութիւնը։
Դիւանագէտը կ'ընդգծէ որ Սրբազան Քահանայապետը մօտէն կը հետեւի միջազգային կացութեան։ Ան յատուկ ուշադրութիւն կը տանի խաղաղութեան, մարդու իրաւունքի ու պետութիւններու միջեւ կապերու հայող բոլոր հարցերուն։
Ս. Աթոռը յանձնառումով կ'աշխատի պետութիւններու միջեւ գոյացող լարուածութիւններն ու ընդհարումները լուծել, այդ լուծումները կը կատարուին առաքելական դեսպանին միջոցաւ։ Սակայն առաքելական դեսպանին գլխաւոր առաքելութիւնն է ընկերանալ տեղական եկեղեցւոյ, որպէսզի ան լաւագոյն կերպով կատարէ իր գործունէութիւնը քրիստոնէական կեանքի հայող՝ինչպէս դաստիարակութիւն, եղբայրօգնութիւնը, հիւանդներու խնամատարութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.