Առաջին Անգամ «Մեղրի Ու Հատապտուղներու» Փառատօն Տաւուշի Մէջ։
Հայաստանի Տաւուշի մարզի Բերդ քաղաքի մէջ Օգոստոսի 18-ին կ'իրականացուի «մեղրի եւ հատապտուղներու»
փառատօն, որ կ’իրականացուի առաջին անգամ: Փառատօնը նախաձեռնած է «Տաւուշի հոգեւոր
վերածնունդ» հիմնադրամը, որուն տնօրէն Հայկ Չոպանեանը այսօր լրագրողներու հետ հանդիպման
ընթացքին նշեց, որ այս փառատօնով իրենք կը սկսին շրջանի մէջ իրականացուելիք ծրագրերու
շարքը: «Փառատօնի նպատակը տարածաշրջանի հոգեւոր մշակութային զարգացումն է, տեղական
արտադրութեան խթանումը: Ներկայ են լինելու բազմաթիւ հիւրեր եւ մենք ցանկանում ենք, որ
նրանք ծանօթանան Շամշատինի հատապտուղներին ու մեղրին»,-ըսաւ ան: Ըստ Հայկ Չոպանեանի`
փառատօնի ընթացքին ոչ միայն կը շեշտադրուի Տաւուշը` իբրեւ մեղրի եւ հատապտուղներու լաւագոյն
կեդրոն, այլ նաեւ ան կը նպաստէ զբօսաշրջութեան եւ տեղական համայնքներու մէջ զբօսաշրջային
ենթակառուցուածքներու զարգացման: Նոյն հիմնադրամի անդամ Լաւրենտին Միրզոյեանը իր հերթին
ըսաւ, որ սահմանամերձ Տաւուշի համար պետական կառավարման ծրագիր գոյութիւն ունի, սակայն
այդ ծրագիրը յայտնի չէ, թէ ինչպէս կը կիրառուի: «Հայրենիքը սկսւում է սահմանից, իսկ սահմանը
չպէտք է թոյլ լինի: Այս փառատօնի ընթացքում բոլոր ներկաները հնարաւորութիւն կ'ունենան
մօտիկից ծանօթանալ մեր սահմանամերձ բնակչութեանը: Դա եզակի տարածաշրջան է, որտեղ բազմաթիւ
հատապտուղներ կան: Հնարաւորութիւն է տրւում, որ մարդիկ մօտիկից ծանօթանան Տաւուշի լեռնաշխարհին,
անտառների հարստութեանը»,- ըսաւ Լաւրենտին Միրզոյեան, ու ցաւով նշեց, որ այս շրջանին
գրեթէ չկան աշխատատեղեր, արտադրական ձեռնարկութիւնները գրեթէ կը բացակային: Ան յոյս յայտնեց,
որ փառատօնը, գուցէ, որեւէ խթան հանդիսանայ արտադրամասերու ստեղծման առումով: Անդրադառնալով
հիմնադրամի ֆինանսական միջոցներուն` տնօրէն Հայկ Չոպանեանը նշեց, որ պետութենէն իրենք
միջոցներ ո՛չ կը ստանան, ո՛չ ալ կ’ակնկալեն: Ան ըսաւ.«Հիմնականում մեզ ֆինանսաւորում
են դրսում բնկաուող տաւուշցիները»: Փառատօնի ընթացքին կը նախատեսուի մեղրի, անկէ
պատրաստուող ուտելիքներու, հատապտուղներու ու անոնցմէ պատրաստուող ուտեստներու ու ըմպելիքներու,
ինչպէս նաեւ գորգագործութեան, փայտամշակման եւ այլ արհեստներու ներկայացում, համերգ երգ
ու պար: