2012-08-11 11:38:37

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Խօսքը Նահատակ Լաւրենտիոսի Տօնին Առթիւ։


՜՜Բաւարար չէ քրիստոնէական վկայութիւնը, այլ հարկաւոր է բացայայտ ու արի խօսքը յաչս տիրող մտայնութեան՝՝ այս եղաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին խորհրդածութիւնը, մարտիրոս Լաւրենտիոսի տօնին առթիւ։
Մարտիրոսը` ազատ նահատակը, ամբողջութեամբ կեանքը կու տայ Աստուծոյ, հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ գերագոյն ներգործութեամբ՝ ինքզինք բոլորանուէր ընելով իր Արարիչին ու Փրկչին։ Իր զոհաբերումով՝ ան մասնակից կը դառնայ Քրիստոսի փրկչագործութեան խորհուրդին։
Մէկ Խօսքով նահատակութիւնը սիրոյ մեծ ներգործութիւն մըն է, ի պատասխան Աստուծոյ անհուն սիրոյն։
Յայտնենք որ նահատակ Լաւրենտիոս սպաննուեցաւ որովհետեւ հռոմէական կայսրութիւնը քրիստոնէական հաւատքը կը նկատէր ՜՜վտանգ մը՝՝ պետութեան գաղափարախօսութեան միաւորութեան։
Եթէ բոլոր քրիստոնեաները նահատակութեան կանչուած չեն, դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը, սակայն ամէնքը կանչուած են սիրոյ վկայութիւն տալ ճշմարտութեան մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.