2012-08-11 11:36:07

Համերգ մը ի պատիւ Սրբազան Քահանայապետին Նուիրուած Ռեկենսպուրկի Գարիթասէն։


Գասդել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոցին մէջ, ի պատիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին, Ռեկենսպուրկի Գարիթասի նախաձեռնութեամբ՝ շաբաթ 11 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 6-ին՝ տեղի կ՝ունենայ համերգ մը ։
Համերգը ի պատիւ Սրբազան Հօր ունի նաեւ որպէս նպատակ ՜՜վերակոչել Ռեկենսպուրկի մարդասիրական վեհանձն գործունէութեան 90-ամեակը հանդէպ անօճախներուն եւ կարօտեալներուն՝՝։
Կազմակերպիչները ընտրեցին Պեքմանի երաժշտութիւնը, քանի որ Պեքման հիմնադիրն է ''միասին ցուրտին դէմ'' կոչուած ընկերակցութեան, որուն նպատակն է օգնութեան հասնիլ առանց օճախի մարդոց։ Յայտնենք որ Ռեկենսպուրկի Գարիթասը, Սրբազան քահանայապետի ներկայութեամբ՝ կ'ուզէ տօնել իր գործունէութեան 90-րդ տարեդարձը։
Անիկա հիմնուած է 1922-ին եւ ներկայիս ունի 900 նախաձեռնութիւններ կարօտեալներու ի սպաս։








All the contents on this site are copyrighted ©.