2012-08-11 12:41:26

Թուրք Լրագրողներ Նախագահ Ապտուլլահ Կիւլէն Կը Խնդրեն Վերաբանալ ՜՜Տինքի Դատը՝՝։


Խումբ մը թուրք լրագրողներ Չորեքշաբթի, Օգոստոս 8ին հանդիպում մը ունեցած են Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի հետ՝ դժգոհութիւն յայտնելով, որ ՜՜պետական մարմինները տակաւին շարժման չեն անցած ի տես Հրանդ Տինքի սպանութեան առնչութեամբ պետական հարցաքննիչ խորհուրդին կողմէ պատրաստուած տեղեկագիրին՝՝ կը հաղորդէ «Մարմարա» օրաթերթը, նշելով որ ՜՜անոնք շեշտած են, թէ պետութեան շահագրգիռ շրջանակները պէտք է շատոնց քայլերու դիմած ըլլային այդ տեղեկագիրի լոյսին տակ՝՝։ Լրագրողները Կիւլէն խնդրած են, որ ՜՜ան այս նիւթին շուրջ նոր նախաձեռնութիւն մը ապահովէ՝՝։
Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահը խոստացած է հետապնդել հարցը եւ այս կէտը անգամ մը եւս յիշեցնել կառավարութեան։
Կիւլի հրահանգով, Հրանդ Տինքի սպանութեան կապակցութեամբ հարցաքննութիւն բացած ու Փետրուարին տեղեկագիր մը պատրաստած պետական հարցաքննիչ խորհուրդը հասած էր այն եզրակացութեան, որ Տինքի սպանութեան մութ ծալքերը բաւականաչափ չեն հարցաքննուած եւ որ դատավարութիւնը բացարձակապէս չէ գոհացուցած հանրային կարծիքը: Տեղեկագիրը ճշդած է, թէ լրաքաղութեան մարմիններն ու ապահովութեան շրջանակները լուրջ թերացումներ ունեցած են իրարու հետ գործակցելու ու ստացուած լրատուութիւններու լոյսին տակ Հրանդ Տինքի կեանքը պաշտպանելու գործին մէջ: Հոն նաեւ նշուած էր, թէ Թուրքիոյ մէջ պետական պաշտօնեաները կը պաշտպանուին ծածուկ անձեռնմխելիութեան մը զրահին տակ, եւ այս դրութիւնը պէտք է փոխուի: Իրաւագէտներու կարծիքով՝ այս տեղեկագիրին հիման վրայ հիմա նոր դատավարութիւն պէտք է կատարուի Տինքի սպանութեան հարցով:








All the contents on this site are copyrighted ©.