Ասիզիի Սուրբ Տամիանօ եկեղեցւոյ մէջ` ուրբաթ 10 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 9ին տեղի կ՛ունենայ
աղօթքի հսկումի երեկոյ մը Ասիզացի Սրբուհի Պայծառի մասունքներու անցքի առթիւ։ Արարողութիւնը
կը գլխաւորէ Ումպրիա Նահանգի փոքր եղբայրներու միաբանութեան մեծաւոր` հայր Պրունօ Օթթավին։
Հսկումի արարողութիւնը մաս կը կազմէ այն յայտագրիրներու օրակարգին որ նախաձեռնուած են
Սրբուհի Պայծառի 800 ամեակի յոբելենական տօնախմբութիւններու փակման առթիւ։ Նշենք որ վերոյիշեալ
տօնախմբութիւնները սկիզբ առած էին 2011-ի ապրիլ 17ին եւ որոնց հանդիսաւոր փակումը պիտի
կատարուի մեծ շուքով վաղը շաբաթ 11 օգոստոսին Ասիզիի մայր տաճարին մէջ կազմակերպուած`
գիտաժողովով եւ ուրիշ երեք արարողութիւններով. Համապատարագ մը, Սրբուհի Պայծառի անուան
նուիրուած ներքնաբակի բացում, եւ եզրափակիչ սուրբ զոհ Սանդա Գիարայի (Սրբուհի Պայծառ)
անուան պազիլիքայի մէջ։