2012-08-10 12:33:56

Գերապայծառ Րինօ ֆիզիքելլայի Ելոյթը Ավստրալիոյ Մէջ Կայացած Նոր Աւետարանութեան Մասին Գիտաժողովին։


Նոր Աւետարանութիւնը եկեղեցւոյ համար մեծ մարտահրաւէր մըն է։

Աւստրալիոյ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախաձեռնութեամբ, Աւստրալիոյ Շէթսվուտ քաղաքի մէջ` 9 - 11 օգոստոս, տեղի կ՛ունենայ Նոր աւետարանութեան մասին գիտաժողով մը՝ որուն ի մէջ այլոց իր մասնակցութիւնը բերաւ՝ Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահը Գերապայծառ Րինօ ֆիզիքելլան, որ 9 օգոստոսին զեկուցեց <<ի՞նչ է նոր աւետարանութիւնը եւ ի՞նչ նշանակութիւն ունի եկեղեցւոյ համար>> նիւթին շուրջ։

Իր ելոյթի ընթացքին գերապայծառ ֆիզիքելլան մատնանշեց թէ նոր աւետարանութիւնը եկեղեցւոյ համար մեծ մարտահրաւէր մըն է վերահաստատելու համար Յարուցեալ Քրիստոսի ներկայութիւնը պատմութեան հոլովոյթին։ Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահը ապա մէջբերեց <<նոր աւետարանութեան>> մասին քահանայապետներու բացատրութիւնները սկսելով երջանկայիշատակ Պօղոս Զ-ի 1974-ին ներկայացուցած բացատրութենէն եւ անոր համոզումէն թէ <<չկայ իսկական աւետարանցում եթէ Աստուածորդի Յիսուս Նազովրեցիի խորհուրդը, անունը, դաստիարակութիւնը, կեանքը, խոստումները եւ Արքայութիւնը չհռչակուին։>>

Գերապայծառ ֆիզիքելլան ապա ակնարկեց երջանկայիշատակ ՅՊԲ մասին ըսելով որ Ան 27 տարիներ ամբողջ մեզի սորվեցուց նոր եռանդի, նոր մեթոտներու եւ նոր արտայայտութիւններու կարեւորութիւնը ու ահա այժմ Պենետիկտոս ԺԶ ուզեց դիմագրաւել այս մարտահրաւէրը հիմնելով <<Նոր աւետարանութեան Խորհուրդը>> որպէսզի <<յարմար պատասխաններ տալով համայն եկեղեցին նորոգուի Սուրբ Հոգւոյն զօրութեամբ եւ ժամանակակից աշխարհին ներկայանայ նոր աւետարանութիւնը յառաջացնող միսիոնարական նոր սլացքով>>։

Նոր Աւետարանութեան Խորհուրդի նախագահը հուսկ խորհրդածութիւն մը կատարեց նոր աւետարանութեան ընտրանքի մասին ընգծելով եկեղեցւոյ հաւատարմութիւնը Յիսուսի պատուէրին` համայն աշխարհին տարածելու Բարի Աւետիսը։
Գերապայծառ Րինօ ֆիզիքելլան ապա անդրադարձաւ Նոր Աւետարանիչներու մասին հաստատելով որ Աւետարանի հռչակումը կը պահանջէ հաւատացեալին գիտակցութիւնը Քրիստոսը տանելու ամենուրէք, այնպէս ինչպէս վկայած են քրիտոնէութեան նախահայրերը։ Առաջին աւետարանիչը եպիսկոպոսն է։ Անոր տրուած է հրահանգը, որպէս առաքեալներու յաջորդ, ըլլալու աշխարհհի մէջ աւետարանութեան քաջ եւ զօրեղ տիպար մը։ Ան չի կրնար լուռ մնալ եւ ստիպուած է վկայել Յարուցեալի իր փորձառութիւնը։ Եպիսկոպոսսի աւետարանութեան այս առաքելութեան մասնակից են նաեւ քահանաները։Քահանայութիւնը մարդկային իրաւունք մը չէ այլ պարգեւ մը` կոչ մըն է մնալու Աստուծոյ հետ, ծառայելով եկեղեցւոյ ։
Գերապայծառ ֆիզիքելլան ի վերջոյ մատնանշեց նաեւ աշխարհականներու եւ մկրտեալներու աւետարանութեան առաքելական պարտականութեան ապա ընդգծեց նոր աւետարանութեան ուղեգիծն ու ճանապարհը եզրափալելով որ կաթողիկէներու պարտականութիւնն է հռչակել Քրիստոսը ամենուրէք ու ներշնչել ապագայի յոյս։ Յոյս մը որ յուսախափ չի թողուր որով հիմնուած է կեանքի խոստումի վրայ, որ է սիրոյ եւ ողորմածութեան Աստուածը։








All the contents on this site are copyrighted ©.