2012-08-09 13:07:57

Հայկական Եկեղեցւոյ Վերակառուցման Աշխատանքները


Աղթամար եկեղեցւոյ վերակառուցումէն ետք թրքական կառավարութիւնը այժմ սկսած է Վանի (Չարփանաք) Կտուց կղզիի եկեղեցւոյ վերանորոգման ուղղութեամբ աշխատանքներ իրականացնել:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Ջիհան» գործակալութիւնը, վերակառուցումը կը կատարուի Վանի մէջ տեղի ունեցած երկու աւերիչ երկրաշարժերէն ետք զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու նպատակով:
Մինչեւ 1915-ը գործած Կտուցի եկեղեցւոյ վերականգնման ուղղուած նախնական աշխատանքները արդէն սկսած են: Կ’ընթանան նաեւ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երրորդ պատարագը մատուցելուն ուղղուած աշխատանքները:
Թուրք ճարտարապետները կը նշեն, որ 1720-ին տեղի ունեցած երկրաշարժէն եկեղեցին էական վնաս կրած, սակայն կանգուն եղած է մինչեւ 1915-ը:

Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ 2011-ի երկրաշարժէն ան լուրջ վնաս չէ կրած: «Եուզընճը յըլ» համալսարանի ճարտարապետաշինարարական համալսարանի դոցենտ Սահաբեթթին Օզթիւրքը նշած է, որ վերակառուցման նախագիծը արդէն կայ եւ շուտով աշխատանքները պիտի սկսին:

«Նախ եկեղեցւոյ հիւսիսին եւ արեւմուտքին պեղումներ պէտք է կատարել: Սակայն փորելուն զուգահեռ վերակառուցման աշխատանքներն ալ պէտք է րոպէ առաջ սկսիլ, որպէսզի ան շուտով նախկին գործառոյթներուն վերադարձուի: Վանի նահանգապետարանն ու Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութիւնը արդէն այդ ուղղութեամբ քայլեր կը ձեռնարկեն,-ըսած է ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.