2012-08-08 13:35:04

Սերժ Սարգսեանն ու Վլատիմիր Փութին կը Քննարկեն Եւրասիական Ամբողջականացման Առնչուող Հարցեր


Սերժ Սարգսեանն ու Փութինը կը քննարկեն ԱՊՀ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի մէջ ՀՀ եւ ՌԴ փոխազդեցութեանն առնչուող հարցեր։

Այսօր ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցով կը մեկնի Մոսկուա, ուր կը հանդիպի Ռուսաստանի իր պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ:

Վկայակոչելով Գրեմլի պաշտօնական յայտարարութիւնը` ռուսական «Ինթըֆաքս» գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ «զրոյցի ընթացքին առաջնորդները կը քննարկեն քաղաքականութեան, մարդասիրական եւ առեւտրային-տնտեսական ոլորտներու մէջ երկկողմ համագործակցութեան հիմնական հարցերը»:

Անկէ բացի` կը նախատեսուի հանդիպման ժամանակ դիտարկել Ռուսաստանի եւ Հայաստանի փոխգործակցութեան խնդիրները` եւրասիական ամբողջականացման գործընթացներու ծիրէն ներս, մասնաւորապէս` այնպիսի կառոյցներու մէջ, ինչպիսիք են ԱՊՀ-ն եւ ՀԱՊԿ-ն, ինչպէս նաեւ` միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգի արդիական թեմաները, ներառեալ` իրավիճակը Անդրկովկասի մէջ:

Գործակալութիւնը կը նշէ, որ Ռուսաստանը Հայաստանի գլխաւոր արտասահմանեան ներդրողն է եւ հիմնական առեւտրային գործընկերներէն մէկը. 2012-ի Յունուար-Մայիսին Հայաստանի մէջ ռուսաստանեան ներդրումներու կուտակային ծաւալը գերազանցած է 2,8 միլիառ ԱՄՆ տոլարը, երկկողմ ապրանքաշրջանառութիւնը կազմած է 434,8 միլիոն ԱՄՆ տոլար








All the contents on this site are copyrighted ©.