2012-08-08 13:06:23

Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Օգոստոս Ամսոյն Ընթացքին Տեղի Ունեցած Եւ Ունենալիք Ձեռնարկները։


Քլէյաատի Նաուրըդ Էլ Ռումիէի մէջ, Շաբաթ 4 Օգոստոսին երեկոյեան՝ տեղի ունեցաւ Ս Մեսրոպի Արիներու տարեկան ճաշկերոյթ- պարահանդէսը, որուն հասոյթը պիտի ծառայէ Արիներու ձեռնարկներու կազմակերպման, նաեւ մաս մը՝ օժանդակելու զանազան բարեսիրական հաստատութիւններուն։
Հինգշաբթի 9 Օգոստոսին, սկիզբ կ՝առնէ Զալքայի ՀԿՄ-Պատանեկանի ամառնային բանակումը Զմմառու Վանքը, շաբաթ 18 օգոստոսին իրիկունը՝ (ժամը 20.30-ին) Խարուկահանդէսը տեղի պիտի ունենայ, եւ յաջորդ օրը (Կիրակի 19 Օգոստոսին) բանակումը վերջ կը գտնէ։
Շաբաթ 11 Օգոստոսի յետմիջօրէին(ժամը 6-ին) Աստուածամօր Վերափոխման տօնի նախօրեակին (Հայ տօնացոյցի համաձայն) սկիզբ կ՝առնէ, Զմմառու վանքի մատրան մէջ, հանդիսաւոր Ս Պատարագը արաբերէն լեզուով , որմէ ետք ալ աւանդական ՜՜ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔԸ՝՝ իսկ ժամը 19.30-ին նախաձեռնութեամբ Զմմառու միաբանութեան վարչութեան տեղի պիտի ունենայ տարեկան քերմէսը։
Մինչ՝ Այնճարի Ս Վարդարանի Տիրամօր նուիրուած ժողովրդապետութեան մէջ յատուկ յանձնախումբ մը կը պատրաստէ Հէրիսան Ս Աստուածածնայ տօնին առթիւ։
Կիրակի օրը հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցի համաձայն տօնն է ՜՜Աստուածամօր Վերափոխման՝՝ Զմմառու վանքի մատրան մէջ, հայածէս ձայնաւոր Ս Պատարագը ժամը 10.30-ին է, որմէ ետք ալ ՜՜ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔի՝՝ արարողութիւնը իսկ Քերմէսը սկիզբ կ՝առնէ ժամը 13-ին։
Գալով Այնճարի Ս Վարդարանի Տիրամօր նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ հայածէս ձայնաւոր Ս Պատարագը սկիզբ կ՝առնէ ժամը 10.30-ին որմէ ետք ալ ՜՜ԽԱՂՈՂԻ՝՝ ու նախորդ օրը պատրաստուած՝ ՜՜ ՀԷՐԻՍԱՅԻ՜՜ օրհնութիւնը պիտի կատարուի, եւ ներկայ հաւատացեալներուն պիտի բաշխուի։
Պէյրութի հայաշատ թաղամաս Պուրճ Համուտի ՜՜Ս Փրկիչ՝՝ եկեղեցւոյ մէջ, տօնին առթիւ տեղի կ՝ունայ , Ս Պատարագը թափօր եւ խաղողօրհնէք որ սկիզբ կ՝առնէ ժամը 10-ին ։
Կիրակի 26 Օգոստոսին երեկոյեան՝ Աշրաֆիէի ՀԿՄ Պատանեկանի 27 ամեակին առթիւ տեղի պիտի ունենայ ճաշկերոյթ մը պատրիարքարանի շրջաբակը։
Ուրբաթ 31 օգոստոսին սկիզբ կ՝առնէ Աշրաֆիէի ՀԿՄ Պատանեկանի ամառնային բանակումը ՜՜Զմմառու Վանքին՝՝ մէջ, որ պիտի տեւէ մինչեւ 9 Սեպտեմբեր։










All the contents on this site are copyrighted ©.