2012-08-08 12:50:09

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 8 օգոստոս 2012-ի առաւօտեան ժամը 10.30-ին Գասթելկանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցի մուտքի դիմաց գտնուող` Ազատութեան հրապարակի տարածքին, Պենետիկտոս ԺԶ Ս. Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներուն։

Շարունակելով աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւնները Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց Տոմինիքեան միաբանութեան հիմնադիր` Սուրբ Տոմէնիքոս Կուզմանի հոգեւոր կեանքի վրայ։
Սուրբ Տոմէնիքոսը եղաւ աղօթքի մարդ - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - սիրահարուած Աստուծոյ, իր միակ նպատակը եղած է հոգիներու փրկութիւնը։ Այլ ոմն Քրիստոս մը իր մէջ իւրացուց Աւետարանի թելադրանքները միացնելով աւետարանի հռչակումը աղքատ կեանքի վկայութեան, Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեամբ ընթացաւ քրիստոնէական կեանքի կատարելիութեան ճամբով։
Ամէն ժամանակներուն աղօթքը եղաւ նորոգիչ ուժ մը որ արդիւնաբեր դարձուց անոր առաքելութիւնը։ Տոմէնիքեան աւանդութիւնը <<Սուրբ Տոմէնիքոսի աղօթքի ինը կերպերը>> անուամբ հրատարակութեամբ մեզի ներակայացուց այս սուրբին ներքին կեանքի իրողութիւնը - ըսաւ Սրբազան Հայրը - ու հակիրճ կերպով ներկայացուց գիրգի պարունակութիւնը։

Սիրեցեալ բարեկամներ, Սուրբ Տոմէնիքոսը մեզի կը յիշեցնէ թէ ամէն քրիստոնեայի հաւատքի վկայութեան որպէս հիմ, ըլլայ ընտանեկան ըլլայ աշխատանքի ըլլայ հասարակական կեանքէն ներս, կայ աղօթքը։ Միայն Աստուծոյ հետ յարատեւ յարաբերութիւնը մեզի կը պարգեւէ ուժը խորապէս ապրելու կեանքի ամէն պահերը նա մանաւանդ տառապանքի ժամանակները։ Այս Սուրբը մեզի կը յիշեցնէ նաեւ աղօթքի արտաքին երեւոյթները` Տիրոջ առջեւ ծունկի գալը կամ ոտքի կենալը, խաչեցեալին նայուածք ուղղելը, ամփոփումը, այս ամէնը երկրորդական երեւոյթներ չեն այլ մեզ կ՛օգնեն ամբողջ մեր էութեամբ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ մտնելու։
Հուսկ խօսքը եզրափակելով Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ. Անգամ մը եւս ձեր ուշադրութեան կը յանձնեմ հոգեւոր կեանքի կարեւորութիւնը եւ առօրեայ աղօթքի անհրաժեշտութիւնը որ միջոց մըն է մեր շուրջիններուն օգնելու խաղաղութիւն ու սէր տուող Աստուծոյ ներկայութեան շողուն ճառաքայթի ներքեւ մտնելու։


Այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն ու ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն անոնց վրայ
յայցելով նորոգուած հոգեւոր եռանդի եւ առաքելութեան Սուրբ Հոգւոյն շնորհքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.