2012-08-08 13:17:01

Ուիլիամ Սարոյեանի Անուան Մրցանակին Երեք Տրամատուրկ կը Յաւակնի


Հայկական Թատերական արուեստի դաշինքի՝ ՜՜ Ուիլիամ Սարոյեան՝՝ի անուան մրցանակին` հաստատութեան 3-րդ մասին, 3 տրամատուրկ կը յաւակնի: Եզրափակիչ փուլ անցած յաւակնորդներն են Սեւան Գալուստեան Գրինը` «Դուն», Ադրինա Սեւան-նիքոլս` «Երանգայի գիշերը» եւ Քելի Սթիւարտը` «Երկնապատկանը» ստեղծագործութիւններով: Կը գրէ. Armenian Reporter-ը:

Լիբանանահայ-Փաքիստանցի դերասան ու տրամատուրկ Գալուստեան Գրինի «Դուն»ը ամերիկահայ ընտանիքի 4 սերունդներու պատմութիւնն է:

Նիւ Եորքէն դերասանուհի եւ տրամատուրկ Սեւան-նիքոլսի «Երզնկայի գիշեր»ը ոգեշչուած է անոր հայ պապերու` Ցեղասպանութենէն փրկուելու պատմութենէն:

Իսկ ահա ամերիկացի Տրամատուրկ Քելի Սթիմուարտի «Երկնապատկան»ը` թուրք կին օդաչու Սապիհա Գեօքչենի եւ հայ լրագրող Հրանդ Տինքի մենախօսութիւններն են` ողբերգութեամբ միահիւսուած: Գեօքչենը Աթաթուրքի որդեգիր դուստրերէն էր եւ ըստ Տինքի` ծագումով հայուհի:

Մրցանակը կը կազմէ 10 000 տոլար, որ պիտի յանձնուի այս տարուան Դեկտեմբերին Փասատենայի մէջ:

Հայկական թեմաներով փիեսներու համար յանձնուող Ուիլիամ Սարոյեանի մրցանակը սահմանուած է 2007-2008-ին Սարոյեանի 100-ամեակի առիթով` «Ուիլիամ Սարոյան» հիմնադրամի կողմէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.