2012-08-08 13:13:28

Անկոլայի Մուքզիմա Տիրամօր Սրբավայրին Տարեկան Աւանդական Ուխտագնացութիւնը։


Շուրջ մէկ միլիոն հաւատացեալներ` եկած Անկոլայէն, Փորթուկալէն եւ Պրազիլէն օգոստոս 3-5 ուխտագնացութիւն կատարած են Մուքզիմա Տիրամօր սրբավայրը, որ կը գտնուի Անկոլայի մայրաքաղաք Լուանտայէն 150 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։
Սրբավայրը հիմնուած է հեռաւոր 1599-ին փորթուկալացի աշխարհագնաց Բալդազար Արակաոյի կողմէ։ 1833էն ասդին սրբավայրը եղած է աղօթքի մեծ կեդրոն մը Անկոլայի բնակչութեան համար։ Սրբավայրին մէջ զետեղուած է Անարատ Յղութեան Տիրամօր սրբանկարը։ Ուխտագնացութիւնը ամէն տարի կը կատարուի սեպտեմբեր ամսույն մէջ, սակայն յառաջիկայ 31 օգոստոսի քաղաքական ընտրութիւններու հետեւանքով ուխտագնացութիւնը բացառաբար կատարուեցաւ օգոստոսին սկիզբերը։
2012-ի ուխտագնացութեան նիւթը եղաւ ''ընտանեկան հաշտութիւնը''։
Գերապայծառ Տիազ իր արտասանած քարոզին մէջ ընդգծեց որ Անկոլայի արմատները քրիստոնեայ են եւ շնորհիւ քրիստոնեական հաւատքին մարդիկը միեւնոյն գաղափարականները կը հետապնդեն։ Գերապայծառը յայտնեց թէ յառաջաիկայ տարւոյն ընթացքին նոր սրբավայրին շինարարութիւնը պիտի սկսի։








All the contents on this site are copyrighted ©.