2012-08-07 13:02:42

Նասա-ի Տիեզերական Սարքը Էջք Կատարած Է Հրատի Վրայ


ՆԱՍԱ-ի «Curiosity » «Հետաքրքրութիւն». սարքը երէկ առաւօտ հասած է իր նպատակին` էջք կատարելով Հրատ մոլորակին վրայ: Յաջող էջքին մասին տեղեկութիւնը տարածուած է ՆԱՍԱ-ի կայքէջին վրայ:
Սարքի հիմնական նպատակը նախապէս գոյութիւն ունեցած կամ ներկայիս գոյութիւն ունեցող կեանքի ապացոյցներու փնտռտուքն է, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրել կարմիր մոլորակին երկրաբանութիւնն ու կլիման:
ՆԱՍԱ-ի գիտնականները վստահ են, որ այս կարեւոր տեղեկութիւնները ստանալու գլխաւոր գրաւականը սարքի ճշգրիտ վայր եւ ժամանակին կատարուած էջքն է, ինչ որ իրականացած է անդրձայնային անկարգելի միջոցով:
Նախապէս գիտնականներ յայտարարած էին, որ եթէ էջքի ընթացքին որեւէ սխալ բան պատահի, ապա իրենց բաւական թանկարժէք նախաձեռնութիւնը ամբողջութեամբ կը տապալի:








All the contents on this site are copyrighted ©.