2012-08-07 12:58:46

Հայաստան Ողիմպիական Խաղերու Դասաւորման 43րդ Դիրքը Կը Գրաւէ։


Հայաստանի մարզիկները 1 արծաթէ եւ մէկ պրոնզէ մետալով Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու խմբային դասաւորման մէջ կը գրաւեն 43րդ դիրքը: Նախօրէին արծաթէ մետալ խլած էր յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, 74 քկ. ծանրութեան Արսէն Ջուլֆալակեան, իսկ պրոնզէ մետալ՝ 75 քիլոկրամէ աւելի ծանրութեան դասակարգի մասնակից Հռիսփիմէ Խուրշուդեանը: Այս տեղեկութիւնները տեղադրուած են ողիմպիական խաղերու 204 մասնակից երկիրներու մարզիկներու մրցումներուն ոչ պաշտօնական խմբային դասաւորման մէջ։
Մէկական արծաթէ եւ պրոնզէ մետալ խլած են նաեւ 5 երկիրներու մարզիկներ: Հայաստանի խումբին կը յաջորդեն պելճիքացիները։
Չինաստանի մարզիկները՝ նուաճելով 30 ոսկիէ, 17 արծաթէ եւ 14 պրոնզէ, ընդհանուր 61 մետալ, կրկին կը գլխաւորեն Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու ոչ պաշտօնական խմբային դասաւորման ցանկը:
2րդ դիրքը կը գրաւէ Միացեալ Նահանգները՝ 28 ոսկիէ, 14 արծաթէ եւ 18 պրոնզէ մետալով, ընդհանուրը՝ 60 մետալ: 3րդ դիրքին վրայ են բրիտանացիները՝ 16 ոսկիէ, 11 արծաթէ եւ 10 պրոնզէ մետալով:
Յաջորդ դիրքը կը գրաւեն Հարաւային Քորիայի մարզիկները, որոնք կը շարունակեն իրենց յաղթական երթը՝ խլելով 10 ոսկի, 4 արծաթէ եւ 6 պրոնզէ՝ 20 մետալ: Լաւագոյն հնգեակը կ՛երզափակեն ֆրանսիացիները՝ 8 ոսկի, 8 արծաթէ եւ 9 պրոնզէ՝ 25 մետալով:
Հայաստանի մարզիկները1996 թուականին կայացած ողիմպիական խաղերուն գրաւած էին 41րդ դիրքը, որ ցարդ խմբային առումով Հայաստանի արձանագրած լաւագոյն արդիւնքն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.