2012-08-06 12:55:22

Վկայութիւններ Վարդան Եպ. Աշգարեանի Մասին։


Զինք ճանչցողները, գործակիցներ ու բարեկամներ իր մասին արտայայտուած են.
Պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին գրած է.
Այլոց նման չէ բազմած իր հանգստաւէտ բազկաթոռին վրայ ու ըսած՝ «քովս եկէք», այլ ինք գացած է, փնտռած է, հարցուցած է, հասած է աղքատին, թշուառին, անկարողին, դպրոցազուրկին ու իր ազնիւ հոգիով անաղմուկ օժանդակութեան ձեռք երկարած է բոլոր կարիքաւորներուն, առանց նուազագոյն խտրութեան իսկ։ Մերժած է զանազան առիթներով իրեն եղած նուէրները եւ զանոնք յատկացուցած է կրթական ու բարեսիրական նպատակներու։ Կամովին երբեմն նախընտրած է խաբուիլ, քան վիրաւորել դիմացինը։ Իսկական ծառան եղած է հայութեան։
Հ. Եղիա Ծ Վրդ. Քիլաղպեան՝ Մխիթարեան Միաբանութեան Ընդհանուր Աբբահայրը գրած է. Քու կրօնաւորութեանդ ու քահանայութեանդ առաջին շրջանէն իսկ ստիպուեցար հնազանդութեան ձայնին ենթարկուիլ եւ հեռանալ քու վանականի խուցէդ՝ հասնելու համար հոն, ուր սիրտ մը կամ հոգի մը քեզի պէտք ունէին: Հասար մասնաւորապէս հայ մատղաշ սերունդին` քու ամբողջական լումադ դնելով իրենց մէջ հասունցնելու համար Մարդը, Հայը, ու մասնաւորապէս Քրիստոնեան: Մարթայի դերը կատարեցիր ամբողջ կեանքիդ ընթացքին հոգեւոր ու մտային սնունդ ջամբելով շատերուն… Սիրելի Հայր Վարդան, վստահ եմ, որ Աստուած տեսնելով ու գնահատելով քու ամենախոր թրթռացումներդ այսօր քեզի շնորհքը կու տայ նաեւ Մարիամի բաժինն ալ ստանալու այս աշխարհիս վրայ, հանգչելու Քրիստոսի ոտքերուն եւ միայն իր Ձայնը ունկնդրելու:
Այնճարի քաղաքապետ Կարապետ Փամպուքեանի խօսքերը.
Պատուախնդիր մուսալեռցիի, անշահախնդիր մարդու եւ անձնուէր հոգեւորականի տիպարը մնաց միշտ մեր յոբելեար սրբազանը՝ Գերապայծառ հայր Վարդան եպս. Աշգարեան։ ՄուսաԼերան ժայռերուն նման ամուռ հաւատքով, իր պապերէն ժառանգած անխորտակ կամքով եւ միեւնոյն ատեն յաղթանակող ժողովուրդին հպարտանքը իր կուրծքին ներքեւ՝ իր ամբողջ կեանքը պայքար մը եղաւ անիրաւութեան ու չարութեան դէմ…
Պէյրութի Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը, որ երկար տարիներ աշխատած է Արհի. Աշքարեան եպիսկոպոսին հետ այսպէս արտայայտուած է …Դուն միայն սէր բաժնեցիր քու չորս դիդ՝ հոն, ուր որ հայ մը կար։ Ատիկա վարակիչ դարձաւ մեզի համար ալ։ Եւ այսօր, որեւէ ժամանակէ աւելի, այդ անկեղծ վերաբերմունքիդ մէջ մենք կը տեսնենք հրամայականը՝ հայու միասնականութիւնը։ Ահա թէ ինչու դուն յաճախ շեշտելով կը պնդէիր հայու հարազատ մնալ։ Հայը եւ յատկապէս հայ մանուկը քու մտածումներուդ կեդրոնական հանգոյցն էր։ Հայ մանուկին նուիրաբերեցիր քու ողջ գործունէութիւնդ ու կեանքդ։ Կը սիրէիր ոչ թէ դէմքերը, այլ` անոնց վրայ դրոշմուած ժպիտները, եւ միշտ կ’ըսէիր, թէ կը սիրես մանուկներուն անմեղ ժպիտը։ Հայ մանուկին անմեղ ժպիտը սիրելով, որպէս կրթական մշակ, ոչինչ խնայեցիր տալու համար լաւագոյնը հայ աշակերտին։
Պէյրութ լոյս տեսնող Ազդակ օրաթերթի տնօրէն՝ Շահան Գանտահարեան ըսած է ...
Վիեննայէն Պէյրութ եւ տակաւին սփիւռքեան տարբեր գաղութներ գերապայծառ Աշգարեանին թողած հետքերը հիմնովին ունին ազգային նկարագիր, մշակութային դիմագիծ եւ շեշտակիօրէն կրթական բնոյթ։ Այս բոլորի հանրագումարը կը ստիպէ յարգանքով կանգնիլ գերապայծառ Վարդան Աշգարեանի մեծ վաստակին առջեւ, համոզուած յայտարարելու համար՝ Պատի՛ւ արժանաւորին։
Իսկ գերյարգելի Հ. Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեան գրած է.
Ո՞վ չի ճանչնար հայր Վարդան Աշգարեանը, Մխիթարեան դաստիարակը, սերունդներ կրթող տնօրէնը, համալսարանի դասախօսը, կուռ հրապարակագիրը, ճարտասան բեմբասացը, բազմահատոր հեղինակը, համակրելի զրուցակիցը, խոնարհ հոգեւորականը, անբասիր հովիւը, տեսլականի մարդը: Հայր Վարդան Աշգարեան պաշտպանն է անզօրին, ապաստանն է անտէրին ու գթասիրտ հայրը չքաւորին…: Իր մէջ եկեղեցականը երբ գրչանուն կը փոխէ ու Վարդան Զօրենց կը դառնայ, անոր մէջ հոգեւորականը` բանաստեղծի կը կերպարանափոխուի, հայ մարդը համամարդկային կը դառնայ, հոգին կը սլանայ առօրեայի նեղ պարունակէն վեր, լեզուն թռիչք կ’առնէ, շունչը կը թրծուի Մխիթարի տեսլականով:
Հայ մտաւորական ու լրագրող՝ Սարգիս Նաճարեանի համաձայն.
Բոլոր առաքելավայրերուն ու հանգամանքներուն մէջ, իրեն վստահուած բոլոր պարտականութիւններուն ու պաշտօններուն վրայ, գլխատառ Ծառայութիւնը եղաւ հայր Վարդան Աշգարեանին կեանքի նշանաբանը։ Ծառայել եկեղեցւոյ, ծառայել ազգին եւ ծառայել ուրիշին։ Այդ ուրիշը ընդգրկեց առաջին հերթին նորահաս սերունդը, հայ մանուկն ու աշակերտը, որովհետեւ հայր Վարդան Աշգարեան անոնց հայեցի դաստիարակութեան մէջ տեսաւ ազգի յաւերժութեան երաշխիքը, իսկ հայեցի դաստիարակութեան հիմնաքարը նկատեց հայ լեզուն։ Ահա թէ ինչու Ան՝ իբրեւ հոգեւորական, մտաւորական, գրող կամ մշակոյթի գործիչ, իր հոգատար ուշադրութեան առարկան դարձուց միշտ հայ մանուկին հայեցի կրթութիւնը՝ Հայ Դպրոցին ճամբով։
Գերյարգելի Յովսէփ Ծ. Վրդ. Թոփալեանի վկայութիւնը.
Ո՜վ հայեր,
Գերապայծառ Սրբազանը՝
Մխիթարեան հայր Վարդան Եպիսկոպոս Աշգարեան,
Մա՜րդառինքնող ու ձգիչ,
Մա՜րդ համեստ եւ առաքինի,
Մա՜րդ մարդասէր ու հայասէր,
Մա՛րդ‘ ազգօգուտ եւ աստուածանուէր։
Ահաւասիկ որոշ դիմագիծեր Մեծ Մարդուն.
Ժիրայր Դանիէլեանի արտայատութիւնը
Մխիթարեան միաբանութեան զինուորագրեալներէն, հաւատաւորներէն մէկը եղաւ Վարդան Աշգարեանը, առանց ածականներու եւ ստորոգելիներու, որ ի տիոց անտի որդեգրեց Մեծ Ուսուցչապետին ուղին` ինքզինք նուիրաբերելով հայ ժողովուրդի հոգեւոր, կրթական, մշակութային ու գրական ծառայութիւններուն…Վարդան եպս. Աշգարեանի օրով վարժարանը շինարարական եռուն կեանք մը ունեցաւ: Պահպանուեցաւ ուսումնական մակարդակը: Գերագոյն ճիգերով ու վտանգները անգոսնելով` կուրծք տուաւ Լիբանանը փոթորկող դէպքերուն` 1975-էն սկսեալ: Ինչպէս մինչ այդ, իր օրով ալ վարժարանը ունեցաւ փայլուն շրջանաւարտներ, որոնք այժմ պատուաբեր դիրքեր կը գրաւեն։
Այլ վկայութիւններ...
Հ. Գէորգ Ծ Վրդ Եղիայեան
Սիրելի գերապայծառ Տէր,
Այսօր, մինչ կը յանձնես արդիւնաւոր վաստակիդ
ջահը յաջորդներուդ
Ձեզի կ’ըսենք, Ձեր վարձքը կատար:
Ապրեցաք միտքի ու հոգիի գագաթներուն վրայ:
Ձեր բազմահարիւր ճառերով, յօդուածներով եւ գիրքերով պիտի մնաք անմոռանալի ողջ հայութեան յիշողութեան մէջ Ձեր ժպտուն, լաւատես դէմքով եւ Ձեր սլացող ազնիւ տեսութիւններով ու անխորտակելի սկզբունքներով:
Ահա գանձ-կտակը, զոր կը թողուի մեզի: Տէրը Ձեզի հետ:
Մեսրոպ Հայունի
Գերպայծառը սիրեց հարուստները, որովհետեւ աւելի՛ սիրեց աղքատները։ Այո՛, ունեւորներու տուներն այցելեց, որովհետեւ անոր աղքատասէր սրտին սիրահատորներն էին կարիքաւոր ընտանիքներն ու յատկապէս չքաւոր աշակերտ-աշակերտուհիները…Եւ վաղը…պիտի ժառանգէ յաւիտենականութիւնը, որուն Տանտէրը, Յիսուս Քրիստոս՝ արդարասէ’ր ու մարդասէ՛ր Դատաւորը պիտի դիմաւորէ իր ծառան՝ հարուստները սիրած եւ ունեւորներու տունն այցելած Վիեննական Մխիթարեան Եպիսկոպոսը.«Եկո՛ւր, Հօրս օրհնեալը, ա՛ռ իբրեւ ժառանգութիւն՝ Արքայութիւնը, որ աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած է քեզի համար»…
Սէմ Րագուպեան
Ան բարեկամնէ աղքատին ու կարօտեալին, եւ ամէն զոհողութիւն կը կատարէ անոնց հասնելու համար: Ան խոնարհութեան եւ համեստութեան մարմնացումն է: Ցաւերու ժամանակ իսկ ժպտուն եւ գոհ է: Ան իսկական հայն է, որ կը զգայ հայու նման, եւ կը տառապի հայուն համար: Ան գնահատել եւ քաջալերել գիտէ որեւէ բարի գործ` մանաւանդ երբ այդ ըլլայ բարեգործութիւն, արուեստ, գիտութիւն եւ գրականութիւն: Այս բացառիկ կղերականը արժանի է ամէն յարգանքի եւ պատիւի:
Համբիկ Մարտիրոսեան
Աշգարեան գերապայծառի անունը դրոշմուած է լիբանանահայ իրականութեան մէջ ընհանրապէս եւ Հայ կաթողիկէ համայնքին մէջ մասնաւորապէս, երբ ան որպէս անձնուրաց ու տիպար եկեղեցական տուաւ իր սիրտէն ու հոգիէն, պայծառացնելովեկեղեցին եւ համայնքը, իրապէս դառնալով «Մշակ առանց ամօթոյ», բանիւ եւ գործով: Բառեր կը պակսին գնահատելու անոր տասնամեակներու վրայ երկարող ազնիւ ու բոլորանուէր ծառայութիւնը, անձնուէրառաքինութիւնը եւ անմնացորդ սէրը մեր գաղութին մէջ:
Տոքթ Եղիկ Ճէրէճեան
Բոլոր հանդիպումներուն, ըլլան անոնք պաշտօնական թէ անպաշտօն, կարճ թէ երկար, ոտքի վրայ թէ նստած՝ լաւատեսութիւնը անպակաս: Կը տարուիս մտածելու, որ այս մարդը իր կեանքին մէջ դժուարութիւն կամ մտահոգութիւն չէ ունեցած: Մինչդեռ՝ ամբողջ կեանք մը հոգեւոր, կրթական, մշակութային, բարեսիրական ասպարէզներուն մէջ ծառայող մը, այն ալ Լիբանանի նման անկայուն եւ անապահով երկրի մը մէջ, վստահ եմ օրական կը դիմագրաւէ տարբեր դժուարութիւններ եւ հոգեր…








All the contents on this site are copyrighted ©.