2012-08-06 14:01:53

Պայթում Սուրիոյ Պետական Ռատիօ-Հեռուստաընկերութեան Շէնքի Մէջ


Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ` պետական ռատիօ-հեռուստաընկերութեան շէնքի երրորդ յարկի մէջ, հզօր պայթիւն որոտացած է, կը յայտնէ «ԻԹԱՌ ԹԱՍ» գործակալութիւնը:

Պայթումի հետեւանքով թեթեւ քերծուածքներ ունեցած են 3 աշխատակից: Կան նիւթական վնասներ: Ստացուող տեղեկութիւններու համաձայն` պայթիւնը որոտացած է շէնքի երրորդ յարկի մէջ, հակառակ պայթումին հեռուստատեսութեան սփռումը չէ կասեցուած՝ ան շարունակած է գործել: Այլ տեղեկութիւններ չեն հաղորդւում:








All the contents on this site are copyrighted ©.