2012-08-06 13:04:30

Հալէպի Մէջ Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոսութիւնը Տեղափոխուած Է


Սուրիահայութեան մատուցուող հիւպատոսական ծառայութիւնները աւելի գործնական եւ անվտանգ կազմակերպելու նպատակով` Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը ժամանակաւորապէս տեղափոխուած է Հալէպի հայաբնակ շրջաններուն աւելի մօտ. «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան տեղեկացուցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ քարտուղարը Տիգրան Բալայեան: Յայտնենք, որ արդէն քանի մը օրէ ի վեր Հալէպի մէջ կը շարունակուին բախումները կառավարական ուժերուն եւ ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.