2012-08-06 12:55:09

Երջանկայիշատակ Վարդան Եպս. Աշգարեանի Յուղարկաւորութիւնը։


Գերապայծառը իր մահկանացուն կնքեց 28 Յուլիս 2012-ին, կաթուածի մը պատճառով։
Այսօր Երկուշաբթի 6 Օգոստոսին առաւօտեան Պէյրութի «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ մէջ, (Պուրճ Համուտ) կատարուեցաւ արհի. Հ. Վարդան Եպ. Աշգարեանի «Եկեղեցւոյ կարգ»-ը որմէ ետք մարմինը փոխադրուեցաւ Այնճարի ընտանեկան դամբարանը: Ժողովրդային ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ Այնճարի հրապարակին վրայ։ Յետմիջօրէին՝ (ժամը 2-ին) կատարուեցաւ եկեղեցական արարողութիւնը, Այնճարի «Սուրբ Պօղոսի նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ, («Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր» եկեղեցիին նորոգութեան պատճառով): Իսկ յուղարկաւորութեան կարգը՝ ժամը 3-ին , ազգային գերեզմանատան մէջ, (Այնճար): Մեծ թիւով հայորդիներ եւ ոչ ներկայ եղան արարողութեանց եւ ցաւակցութիւններ յայտնեցին ։ Վարդան Եպ. Աշգարեան, Ծնած էր 26 նոյեմբեր 1937-ին, Անտիոքի Հարպիէի արուարձանին մէջ` մուսալեռցի ծնողներէ: Նախնական ուսումը Դամասկոսի Մեզզէի Ֆրանսական վարժարանին եւ Այնճարի հայ քոյրերու դպրոցին մէջ ստանալէ Վիեննայի Մխիթարեան ընծայարանը` կը բոլորէ իր երկրորդական ուսումը: Իմաստասիրական եւ աստուածաբանական բարձրագոյն ուսում կը ստանայ Վիեննայի Մխիթարեան ընծայարանի եւ պետական համալսարանին մէջ, ուր կը հետեւի նաեւ արեւելեան լեզուներու: 1961-ի 22 Յունուարին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի Հապոզեան աբբահօր ձեռամբ: Գահիրէի Հելիոպոլսոյ Մխիթարեան վարժարանը` կը վարէ փոխտնօրէնի պաշտօնը մինչեւ 1964: 1964-1987 կը ստանձնէ Հազմիէի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնութիւնը. (Լիբանան) միաժամանակ բարձրագոյն դասարաններուն դասաւանդելով գրականութիւն եւ բարոյագիտութիւն: Նոյն շրջանին` 1965-1975 իբրեւ դասախօս դասաւանդած է Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանի արեւելեան լեզուներու բաժանմունքին մէջ: Գրեթէ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ծառայած է Պէյրութի հայ գաղութին մէջ հոգեւոր, կրթական, մշակութային, մամլոյ եւ հրատարակչական ասպարէզներուն մէջ: Սակայն ամէնէն շատ իր սրտին հոգեհարազատ էր հայ մանուկին կրթադաստիարակութիւնը: 17 Յունուար 1988-ին կը նշանակուի Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ` գործակցելով երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան կաթողիկոս-պատրիարքին հետ, եւ 1999-2011` կը շարունակէ աջակցիլ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս-պատրիարքին: 2000-2011 նախագահած է Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններուն, ինչպէս նաեւ գլխաւոր պատասխանատուն է Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի դպրոցներուն: 2011-ին հանգստեան կոչուելէ ետք, 2012 Յունուարին կը մեկնի Վիեննա` Մխիթարեան միաբանութեան ուխտին մէջ շարունակելու իր ներանձնական կեանքը: Աշխատակցած է սփիւռքահայ բազմաթիւ թերթերու եւ գրած է տասնեակ գիրքեր, որոնց նիւթերը կրօնա-բարոյական, գրական եւ բանաստեղծական են: Գրչանունն է Վարդան Զօրենց։ Գիրքերն են` «Քնար մայրական», «Հայրենաշունչ», «Կեանքը երգ», «Միայն մէկ ժամ», «Հինը որ նոր պիտի ըլլայ», «Կինը», «Որովհետեւ տեղ չկար», «Բռունցքի նման», «Պահանջելու պէս խնդրանք իբրեւ»: Ստացած է «Սաաիտ Աքըլ»ի մրցանակը՝ իր գիրքին արաբերէն թարգմանութեան առիթով:








All the contents on this site are copyrighted ©.