2012-08-06 11:54:41

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Համախոհ Է Անտիոքի Յոյն Օրթոտոքսներու Պատրիարքին Խաղաղութեան Կոչին։


Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը վերջերս արձագանգած է Անտիոքի Յոյն օրթոտոքսներու պատրիարք` Ինքնատիոս Հազիմ Դ-ի կոչին։ Պատրիարքը համագործակցութիւն խնդրած էր ՄԱԿէն եւ արաբ կազմակերպութիւններէն աշխատելու Սուրիոյ կայունութեան ի նպաստ։
Պատրիարքը իր կոչին մէջ ջ մատնանշած էր որ սուրիացի անհամար քաղաքացիներ բռնութիւններու զոհ դարձած են ընդգծելով որ բոլոր սուրիացիները, անկախ իրենց քաղաքական եւ կրօնական պատկանելիութենէն, իրաւունքը ունին հպարտութեամբ ու արժանաւորութեամբ ապրելու իրենց հայրենիքին մէջ։
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի օգնական քարտուղարը` Ժորժ Լեմոբուլոս հաստատեց որ աշխարհի եկեղեցիներու պարտականութիւնն է զօրավիգ կանգնիլ Սուրիոյ եկեղեցւոյ ու աղօթել Սուրիոյ խաղաղութեան համար։ Մեր ձայնը կը միացնենք Հազիմ Դ պատրիարքի կոչին որ կը խնդրէ ՄԱԿէն ու միջազգային հասարակութենէն օգնութեան հասնիլ սուրիացիներուն օժանդակելով ''վասն արդարութեան'' իրենց պայքարին։








All the contents on this site are copyrighted ©.