2012-08-03 10:48:41

Քոֆի Անան Կը Հրաժարի ՄԱԿ-ի Եւ Արաբական Լիկայի Յատուկ Պատուիրակի Պաշտօնէն


ՄԱԿի եւ Արաբական Լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան հրաժարած է իր պաշտօնէն, ան խնդրած է որ Սուրիոյ մէջ իր առաքելութիւնը չերկարաձգուի, այսպէս կը կարդանք ՄԱԿի կողմէ հրապարակուած հաղորդակցութեան մէջ։ Արդարեւ ըստ հաղորդագրութեան, Անան հրաժարական ներկայացուցած է, որովհետեւ իր առաջարկած ծրագիրները արդիւնք չեն տուած։
Սուրիոյ մէջ տիրող ճգնաժամային կացութեան լոյսին տակ։
Անան առաջարկած էր վեց կէտերէ բաղկացած խաղաղութեան ծրագիրի մը գործադրութեան գծով աշխատանք տանիլ։ Անով կը նախատեսուէր, որ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգի ներկայացուցիչներուն եւ սուրիական ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութիւն կատարուի, ռազմական գործողութիւնները դադրին, կամայականօրէն ձերբակալուած անձերը ազատ արձակուին:
Ծրագիրին վերջին երկու կէտերուն համաձայն, Սուրիոյ մէջ ապահովուած պէտք է ըլլար ՜՜լրագրողներու լիակատար ազատ տեղափոխման իրաւունքը՝՝ , եւ պէտք չէ սահմանափակուեր ՜՜ժողովներու, հանրահաւաքներու եւ ցոյցերու կազմակերպման իրաւունքը՝՝:
Մարդու իրաւունքներու հետազօտութեան սուրիական կեդրոնի տուեալներուն համաձայն, Մարտ 2011էն Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող բախումներուն պատճառով շուրջ 19 հազար հոգի զոհուած է: Համաձայն արաբական լրատուամիջոցներուն, անոնց շուրջ 12 հազարը պարզ քաղաքացիներ են, իսկ աւելի քան 5 հազարը՝ անվտանգութեան աշխատակիցներ:
Ըստ «Ինլթըրֆաքս» գործակալութեան ՜՜Քոֆի Անան յայտարարած է, որ ոչ ինք, եւ ոչ ալ որեւէ այլ անձ դեռ չեն կրնար համոզել Սուրիոյ կառավարութիւնը եւ ընդդիմութիւնը քաղաքական երկխօսութիւն սկսելու անհրաժեշտութեան համար՝՝,
նաեւ յայտարարած՝ թէ միջազգային հանրութեան շրջանակին մէջ միասնականութեան բացակայութիւն գոյութիւն ունի, ինչ որ թոյլ չի տար վերջ դնել սուրիական հակամարտութեան: Անանի հրաժարականի պատճառներէն է նաեւ՝ «մեղաւորներ գտնելը» եւ «վարկաբեկողականութիւնը» ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներու շարքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.