2012-08-03 10:50:11

Սրբազան Քահանայապետը Վերսկսաւ Պաշտօնական Գործունէութիւնները։


Յուլիս ամսուայ ամարնային արձակուրդներու աւարտին օգոստոս 1-ին` վերսկսան Սրբազան Քահանայապետի պաշտօնական գործունէութիւնները։
Արդարեւ օգոստոս 1-ի կէսօրին` Գասթելկանտոլֆոյի Քահանայապետական պալատի մուտքին գտնուող <<ազատութեան>> հրապարակի վրայ համախմբուած հարիւրաւոր ուխտաւորներուն, Նորին Սրբութիւնը շնորհեց հրապարակային ունկնդրութիւն, որուն ընթացքին կատարեց աղօթքի մասին խորհրդածութիւնը մը։
Ուրբաթ 3 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 18-ին Սրբազան Քահանայապետը ներկայ կը գտնուի իրեն ի պատիւ սարքուած համերգի մը նուիրուած գերմանիոյ Մուէնխէն ունտ ֆրէյզինկ թեմի կողմէ, Նորին Սրբութեան 85րդ տարեդարձին առթիւ։
Սրբազան Քահանայապետի ի պատիւ համերգ մը եւս տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 11 օգոստոսին այս անգամ ցօնուած Րէկէնզպուրկի Գարիթասի կողմէ։
Իսկ 15 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 8ին, Սրբազան Հայրը, աւանդութեան համաձայն, պիտի այցելէ Վիլլանովայի Սուրբ Թովմասի անուան եկեղեցին ուր պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը Վերափոխման Տօնին առթիւ։
Սեպտեմբեր 14 - 16 Սրբազան Քահանայապետը Առաքելական Ճմաբորդութեամբ պիտի մեկնի Լիբանան միջին արեւելքի եպիսկոպոսներուն յանձնելու յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրը։







All the contents on this site are copyrighted ©.