2012-08-03 10:49:38

Պուենոս Այրես Ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Բանաձեւ:


Օգոստոս 1-ին Պուենոս Այրես նահանգի Սան Իսիդրօ վարչական շրջանի քաղաքային խորհուրդը` Խուլիա Ռիտա Քուզիսի նախագահութեամբ, միաձայն կողմ ` քուէարկած է 1915-1923 -ին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւին եւ, միաժամանակ, միացած Արժանթինի Ծերակոյտի եւ Պատգամաւորներու պալատի կողմէ 2006-ի Դեկտեմբեր 13-ին ընդունուած թիւ 26199` «ի յիշատակ հայ ժողովուրդի կրած ցեղասպանութեան» հանրապետական օրէնքին, որով Ապրիլ 24-ը հռչակուած է «ժողովուրդներու միջեւ հանդուրժողականութեան եւ յարգանքի օր»:

Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳ նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն:
Քաղաքային խորհուրդի նիստին ներկայ եղած են Արժանթինի մէջ ՀՀ դեսպան Վահագն Մելիքեանը, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Արժանթինի եւ Չիլիի թեմի առաջնորդ Տէր Գիսակ Արք. Մուրատեանը, Սան Իսիդրօ շրջանի հոգեւոր հովիւ Մաշտոց քհն. Առաքէլեանը, ինչպէս նաեւ արգենտինահայ կառոյցների եւ կազմակերպութիւնների ներկայացուցիչներ:
Քուէարկութեան աւարտէն ետք ելոյթներ ունեցած են Արժաթիինի մէջ ՀՀ դեսպան Վահագն Մելիքեանը եւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Արժանթինի եւ Չիլիի թեմի առաջնորդ Գիսակ Արք. Մուրատեանը:

Վերջիններս, մեծապէս կարեւորելով Սան Իսիդրօ քաղաքային խորհուրդի կողմէ ընդունուած բանաձեւը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անունով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են ճշմարտութեան եւ արդարութեան օգտին ընդունուած փաստաթուղթի առնչութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.