2012-08-02 11:16:42

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ։


2 օգոստոսին <>յի (այսինք Ասիզացի Ս. ֆրաչէսկոսի կառուցած եկեղեցւոյ>> նուիրուած տօնին օրը` Ասիզիի Հրեշտակներու Տիրամայր Քահանայապետական Պազիլիքայի մէջ տեղի կ՛ունենայ <<Ասիզզի Ներումի Օրուայ>> արարողութիւնը որուն կը մասնակցին հազարաւոր ուխտաւորներ։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի 85րդ տարեդարձին առթիւ Միւնխէն ունտ ֆրէյզինկ թեմը Սրբազան Հօր ի պատիւ սարքած է նուագահանդէս մը որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ 3 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 18ին Գասթելկանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցի մէջ։

Համայն Ռուսիոյ պատրիարք Կիւրեղ Ա. օգոստոս 16-19 Լեհաստան կ'այցելէ։ Ռուսիոյ պատրիարքը եւ Լեհաստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը` գերապայծառ Ժոզէֆ Միխալիք 17 օգոստոսին միատեղ յայտարարութիւն մը պիտի կատարեն, հաշտութեան պատմական կոչ մը ուղղելով ռուս եւ լեհ ժողովուրդներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.