2012-08-02 10:55:37

Մարոնի Եպիսկոպոսները Ահազանգ Կը Հնչեցնեն


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Տիմանի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ մարոնի եկեղեցւոյ վերաբերող հարցեր:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը կարդաց Սելիմ Մազլում եպիսկոպոսը, որ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն համախմբուելու լիբանանեան բանակին շուրջ, որպէսզի անիկա մնայ Լիբանանին սպառնացող վտանգները արգիլող ամուր բերդը:
Մազլում եպիսկոպոսը յայտնեց, որ քաղաքական որոշումին եւ տնտեսական կեցուածքին առումով Լիբանան պիտի գտնուի սնանկութեան սեմին, եթէ անոր ղեկավարութիւնը շարունակէ անպատասխանատու կերպով վարուիլ:
«Մարոնի եպիսկոպոսները կը փափաքին, որ իրենց հաղորդագրութիւնը նկատուի ահազանգ մը, որ կը հնչէ եւ բոլորը կը հրաւիրէ ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնները եւ անյապաղ լուծելու Լիբանանի դիմագրաւած հարցերը», յայտնեց Մազլում եպիսկոպոս:
Ան շեշտեց, որ լիբանանցիները եւ լիբանանցի բոլոր պատասխանատուները պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնեն` Լիբանանը պահպանելու առումով, այլապէս լիբանանեան պետութիւնը պիտի ըլլայ սնանկացած պետութիւն մը` բարոյական, նիւթական եւ օրինական առումներով:
Մարոնի եպիսկոպոսները հաստատեցին, որ 1975-էն ի վեր Լիբանանի վկայած ընկերային եւ տնտեսական իրականութիւնը դժուար պայմաններ կը դիմագրաւէ. անոնք նկատել տուին, որ շրջանին մէջ տիրող տագնապալի եւ պատերազմական իրավիճակին զուգահեռ Լիբանանի ելեկտրականութեան թղթածրարը վտանգաւոր դարձած է երկրին ազգային տնտեսութեան համար եւ սկսած է իր ժխտական ազդեցութիւնը ունենալ նաեւ այլ մարզերու վրայ ու տկարացնել զանոնք:








All the contents on this site are copyrighted ©.