2012-08-02 11:15:53

Հաւատքի տարւոյն ձեռնարկներու ներկայացումը։


Նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ գերապայծառ Ֆիզիքելլան,‏ վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթ` «L'Osservatore Romano»ի 1 օգոստոսի թիւին մէջ ներկայացուցած է Հաւատքի տարւոյն ձեռնարկներու ժամանակացոյցը։

Ան նշած է թէ այս տարւոյն ընթացքին տիեզերական յատուկ օրեր պիտի յատկացուին նուիրեալներուն, երիտասարդներուն, եղբայրակցութիւններուն, հասարակաց շարժումներուն, կղերականներուն եւ նորընծայ հոգեւորականներուն։

Երկու հիմնական համերգներ պիտի կազմակերպուին, առաջինը՝ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, իսկ երկրորդը՝ Վատիկանի Պօղոս Զ. անուան սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ տեղի պիտի ունենայ ցուցահանդէս «Castel Sant'Angelo» պալատին մէջ։

Հաւատքի այս տարին կը զուգադիպի Վատիկան տիեզերական Բ. համաժողովին (1962) յիսնամեակին հետ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քրիստոնէական կանոնագրին հրատարակութեան 20րդ ամեակին հետ (1992)։

Գերապայծառ Ֆիզիքելլան հաստատած է թէ Հաւատքի տարին առիթ է «վերապրելու հաւատքը», լուսաւորելու համար ամէն անհատին սիրտն ու հոգին։

Յայտնենք թէ Հաւատոյ տարուայ բացումը պիտի կատարուի 11 հոկտեմբերին` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորած, Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցուած հանդիսաւոր արարողութեամբ։ Ճիշդ «Նոր Աւետարանացման» մասին յառաջիկայ 7 - 28 հոկտեմբերին գումարուած եպիսկոպոսական յատուկ սիւնհոդոսի ընթացքին։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի կողմէ հռչակուած հաւատոյ այս տարւոյ փակումը նախատեսուած է 2013-ի 24 նոյեմբերին Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորած արարողութեամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.