2012-08-02 14:17:48

Երջանկայիշատակ Վարդան Եպս. Աշգարեանի Յուղարկաւորութիւնը։


«Ինծի հաւատացողը, նոյնիսկ եթէ մեռնի,պիտի ապրի» (Յվհ. 11, 25):
Ինչպէս արդէն հաղորդած էինք, շաբաթ, 28 յուլիսին Մխիթարեան Հայրերու Վիեննայի մենաստանին մէջ, իր մահկանացուն կնքեց, Մխիթարեան Միաբանութենէն արհի. Հ. Վարդան Եպ. Աշգարեան՝ վաստակաւոր փոխանորդը Պէյրութի Պատրիարքական Թեմին։
Ողբացեալին «Եկեղեցւոյ կարգ»-ը պիտի կատարուի երկուշաբթի, 6 օգոստոսի առաւօտեան, (ժամը 10:30-ին) Պէյրութի «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ մէջ, (Պուրճ Համուտ): որմէ ետք մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի ընտանեկան դամբարանը:
Ժողովրդային ընդունելութիւնը տեղի պիտի ունենայ Այնճարի հրապարակին վրայ, յետմիջօրէին (ժամը 1:30-ին):
Եկեղեցական արարողութիւնը՝ կ. ե. ժամը 2-ին, Այնճարի «Սուրբ Պօղոսի նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ, («Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր» եկեղեցիին նորոգութեան պատճառով):
Իսկ յուղարկաւորութեան կարգը՝ կ. ե. ժամը 3-ին , ազգային գերեզմանատան մէջ, (Այնճար):

Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին երկուշաբթի, 6 օգոստոսին. «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ կ. ա. ժամը 11-էն մինչեւ կ. ե. ժամը մէկ. իսկ կ. ե. ժամը 4-7, Աղաճանեան սրահին մէջ, Այնճար:
Երեքշաբթի, 7 օգոստոսին, կ. ա. ժամը 10:30-էն մինչեւ 12,30 եւ կ. ե. ժամը 4:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ, Ժէյթաուի:
Երեքշաբթի, 7 օգոստոսին, կ. ե. ժամը 5-8, Աղաճանեան սրահին մէջ, Այնճար:
Փոխան ծաղկեպսակի կը խնդրուի նուիրատուութիւններ կատարել կարիքաւոր սան-սանուհիներու համար նորաստեղծ «Հ. Վարդան Եպս. Աշգարեան» հիմնադրամին:








All the contents on this site are copyrighted ©.