2012-08-01 15:24:32

Սուրիոյ Առաքելական Նուիրակի Կոչը Ի Նպաստ Խաղաղութեան։


Սուրիոյ առաքելական Նուիրակ գերապայծառ Մարիօ Զէնարի, Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին կոչ ուղղած է Սուրիոյ բոլոր կրօնապետերուն յանձնառութեամբ միասնաբար գործելու ի սպաս ուժգնութիւններու եւ բռնութիւններու դադրեցումին։

Սրբազան Քահանայապետի զանազան առիթներով ուղղած կոչէն ետք - ըսած է գերապայծառ Զէնարին - կոչ կ'ուղղեմ` իսլամ, քրիստոնեայ եւ այլ կրօններու պատասխանատուներուն` որ իրենց բարոյական իշխանութեամբ ընդհարումներու դերակատար երկու կողմերուն ազդարարեն` երկիրը դէպի կործանում, ահռելի տարապանք ու մահ տանող բռնութիւններն ու ուժգնութիւնները դադրեցնեն եւ միջազգաին հասարակութեան օժանդակութեամբ դիմելու երկխօսութեան ճանապարհին սողն տաքնապի քաղքական լուծումի յանգելու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.