2012-08-01 12:36:05

Հալէպի Մխիթարեան Վարժարանի 76րդ Հունձքը


Հալէպի Մխիթարեան վարժարանի ամավերջի հանդէսին, իրենց մասնակցութիւնը բերին Ա.-Թ. կարգերու աշակերտները: Յայտագիրը կը բովանդակէր հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով արտասանութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ նուագ եւ պարեր: Ներկայացուեցաւ նաեւ Մխիթար Սեբաստացի աբբահօր կենսագրութիւնը:
Խօսք առաւ նաեւ Արիստակէս Ծ. վրդ. Մանուկեան, որ շեշտը դրաւ այն իրականութեան վրայ, որ բոլոր աշակերտները իրաւունք ունին բեմ բարձրանալու՝ ի մտի ունենալով այն իրականութիւնը, թէ դպրոցական հանդէսը առաջին բեմական փորձառութիւնն է տաղանդաւոր աշակերտներու համար: Ապա շնորհաւորեց եւ օրհնեց շրջանաւարտները՝ մաղթելով բարի երթ անոնց կեանքին մէջ: Ան շեշտեց կարեւորութիւնը հաւատքի անհրաժեշտութեան, աշխատասիրութեան, ծառայասիրութեան եւ ամէնէն կարեւորը՝ հայրենասիրութեան խոր գիտակցութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.