2012-07-31 11:17:31

Շիրակացիի 1400ամեակը՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕի Նշանակալից Տարեդարձներու Ցանկին Մէջ


ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- ԵՈԻՆԵՍՔՕն նշանակալից տարեդարձներու իր ցանկին մէջ ներառած է միջնադարու հայ մեծ գիտնական, ճշգրիտ գիտութիւններու եւ բնագիտութեան հիմնադիր Անանիա Շիրակացիի 1400ամեակը: Այս մասին Հինգշաբթի, 26 Յուլիսին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսաւ աստղագէտ Արեգ Միքայէլեան:
Անոր խօսքով՝ հայ անուանի փիլիսոփայ, մաթեմաթիկոս, տիեզերագէտ եւ տոմարագէտ Անանիա Շիրակացին մոռացութեան մատնուած էր եւ անգամ յստակ յայտնի չէր անոր ծննդեան տարեթիւը, ինչն ալ առիթ դարձած է, որ Հայկական աստղագիտական ընկերութիւնը դիմեց կառավարութեան՝ խնդրելով հետազօտութիւն կատարել եւ ճշդել Շիրակացիի ծննդեան տարեթիւը:
«Հետազօտութիւններից յետոյ պարզուեց, որ հայ գիտնականը ծնուել է 611-612ին եւ, փաստօրէն, այս տարի լրանում է նրա ծննդեան 1400ամեակը: Սա պարզելուց յետոյ մենք դիմեցինք ԵՈՒՆԵՍՔՕին եւ այն ներառուեց նշանակալից տարեդարձների ցանկում», ըսաւ աստղագէտը:
Արեգ Միքայէլեան նշեց, որ այս առիթով ամենամեծ ձեռնարկը պիտի ըլլայ ամառնային դպրոցը, որ պիտի կայանայ Սեպտեմբերին: Միջազգային բնոյթ ունեցող այս ձեռնարկին արդէն 18 երկիրներու 80 ուսանողներ ներգրաւուած են:
«Ամառային դպրոցին կը մասնակցեն աստղագէտներ: Հայ ուսանողներ եւ դասախօսներ եւս կը մասնակցեն: Միւս կարեւոր միջոցառումներից է այն, որ գիտական մի ամբողջ ամսագիր պէտք է նուիրուի Անանիա Շիրակացուն», ըսաւ ան:
«Այնուհետեւ թուայնացուելու են նրա բոլոր գիտական աշխատութիւնները եւ հէնց իր մասին գրուած գրքերը», ըսաւ Արեգ Միքայէլեան եւ աւելցուց, որ անիկա պիտի իրականացնէ ԳԱԱի հիմնարար գիտական գրադարանը, որ թուայնացման աշխատանքը պէտք է աւարտին հասցնէ մինչեւ տարեվերջ:
Տրուած հարցին, թէ արդեօ՞ք միջազգային աստղագիտութեան մէջ գիտնական Անանիա Շիրակացին ծանօթ անձնաւորութիւն է, աստղագէտ Արեգ Միքայէլեան նշեց, թէ ոչ այնքան եւ այս ձեռնարկներու կազմակերպման նպատակներէն մէկն ալ Շիրակացին աշխարհին ներկայացնելն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.