Ռատիվատիկանի ընդհանուր տնօրէն` Հայր ֆետերիքօ Lոմպարտին շաբթուայ իր խմբագրականը նուիրած
է Լոնտոնի 2012-ի Ողիմպիական Խաղերուն։ Յիսուսեան միաբանը կ՛անդրադառնայ 1992-ի
Պարչէլլոնայի ողիմպիական խաղերու առթիւ <<Ոսկիէն աւելի>> նշանաբանով սկիզբ առած համիութենական
նախաձեռնութան մասին, <<միասնաբար կառուցելու Աստուծոյ Թագաւորութիւնը>> ողիմպիական ուրախ
եւ բազմամշակութային մթնոլորտին մէջ։ Հայ Լոմպարտին կոչ կ՛ուղղէ կանքգ չառնելու
միայն մարմնի մշակոյթի դիմաց այլ - հաստատած է Ան- հարկ է ըմբռնել թէ այդ մարմինը կազմաւորուած
է եւ առաջնորդուած` կամքի եւ հոգիի կողմէ որ անոր մէջ կը բնակին։ Հայր Լոմպարտին
հուսկ կը հաստատէ թէ արդար է ողիմպիական խաղերը կապել անխզելիօրէն <<խաղաղութեան յոյսին>>`
միաջազգային համայն մարդկութեան համար այնպէս ինչպէս մաղթած էր Սրբազան Քահանայապետը
անցեալ 22 յուլիսի արտասանած հրեշտակ տեառն մարեմեան աղօթքի ընթացքին <<աղօթենք որ Լոնտոնի
խաղերը ըլլան երկրի ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութեան իսկական յոյս>>։