2012-07-31 11:53:02

Էջ Մը Հայոց Պատմութենէն


ԱՇՈՏ Գ. ՈՂՈՐՄԱԾ (952-977)
Աշոտ Գ.-ի անձնաւորութիւնը
Աբաս Շինարարին յաջորդեց իր որդին Աշոտ Գ., որ մեր պատմութեան ամէնէն սիրելի ու բարի թագաւորը հանդիսացաւ։ Ան Ողորմած կոչուեցաւ, որովհետեւ ոսկիէ սիրտ մը ունէր եւ բազմաթիւ բարեգործական հաստատութիւններ շինեց, ինչպէս հիւանդանոցներ, ծերանոցներ ու հիւրանոցներ աղքատ ուղեւորներու համար։ Կը պատմուի թէ ամէն օր իրեն սեղանակից կ՛ընէր բազմաթիւ աղքատներ եւ ինք անձամբ կը ծառայէր իրենց։
Հիմնարկութիւն Անի քաղաքին (952-961)
Աշոտ որոշեց մայրաքաղաքը փոխադրել ուրիշ աւելի յարմար տեղ մը եւ, բաւական փնտռելէ ետք` գտաւ Ախուրեան գետի ափին շատ յարմար բարձրավանդակ մը եւ հոն կառուցանել տուաւ նոր մայրաքաղաքը, զոր կոչեց Անի։ Ան որոշեց իր թագադրութիւնը կատարել տալ միայն Անիի շինութեան աւարտէն ետք։ Ամբողջ ժողովուրդը մասնակցեցաւ այս իւրայատուկ քաղաքի շինութեան, որ զարդարուեցաւ տուներով, պալատներով, առեւտրական հաստատութիւններով եւ բերդերով, ինչպէս նաեւ աննման եկեղեցիներով ու մատուռներով, այն աստիճան որ կոչուեցաւ հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաք։ Մասնաւոր ջրմուղներ շինել տուաւ, որպէսզի ամէն տեղ ջուր հասնի եւ զայն դարձուց միջին դարու լաւագոյն քաղաքներէն մին։
Պաշտօնական օծում թագաւորին (961)
961-ին, երբ մեծ մասը քաղաքին արդէն աւարտած էր, Անանիա Մոկացի կաթողիկոսը զինք փառաւոր հանդիսութեամբ թագաւոր օծեց, ի ներկայութեան Աղուաններու թագաւորին եւ կաթողիկոսին, իրեն հպատակ բոլոր արքաներուն եւ հայկական բանակի 45.000 զինուորներուն, Գոռ Մարզպետունի հայոց զօրավարի հրամանատարութեան ներքոյ։ Փառքի եւ ցնծութեան օր մը եղաւ բոլոր ժողովուրդին համար։
Առաջին պատերազմը Համտան Ոստիկանին դէմ (962)
Այս անգամ` Միջագետքի Ոստիկան Համտանն է որ, ապստամբելով Պաղտատի խալիֆային դէմ, սկսաւ յարձակիլ Հայաստանի վրայ, որով Անիի պերճութիւնը նախանձը կը գրգռէր բոլոր դրացիներուն։ Գոռ Մարզպետունին, հայկական մարզուած բանակով դէմ դրաւ Ոստիկանին եւ ջախջախիչ յաղթանակ մը տարաւ։ Համտան բռնուեցաւ եւ թագաւորը անոր գլուխը կտրելով` զայն ղրկեց Պաղտատի խալիֆային։ Խալիֆան շատ գոհ մնաց այս յաղթանակէն, որով Համտան կը սպառնար նաեւ իրեն, եւ ոսկեայ թագ մը ուղարկելով Աշոտին, զայն կոչեց Շահի Արմէն, այսինքն Հայոց թագաւոր։
Անախորժ երեւոյթներ – Կարսի թագաւորութիւնը
Ինչպէս միշտ` Հայոց ցաւը սկսաւ անմիաբանական արարքներով։ Աշոտի եղբայրը` Մուշեղ, չհետեւեցաւ եղբօրը մինչեւ Անի, այլ անկախ թագաւորութիւն մը հիմնեց Կարսի մէջ. Իր օրինակէն դրդուած, ուրիշ փոքր արքաներ եւս ապստամբեցան. Սակայն Աշոտ չուզեց եբայրասպան կռիւներ մղել եւ ջանաց խաղաղեցնել երկիրը, միայն զինուորական դաշինքներ ստորագրելով ապատամբներուն հետ։ Դաշինք կնքեց նաեւ Բիւզանդիոնի կայսեր Յովհաննէս Չմշկիկի հետ, որ ծագումով հայ էր։ Անոր տրամադրեց 10.000 զինուոր երբ կ՛արշաւէր Պաղտատի վրայ։ Աշոտ շինեց նշանաւոր երկու վանքեր, Հաղբատ եւ Սանահին, որոնք հայ եկեղեցական գիտութեան կեդրոններ հանդիսացան։ Մեռաւ խոր ծերութեան մէջ` 977-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.