- 28 յուլիսէն 5 օգոստոս Լեհաստանի մէջ կը նշուի նոր աւետարանութեան առաջին համաժողովը
որուն կը մասնակցին աւելի քան 1200 հոգիներ որոնք կը ներկայացնեն աւետարանացումի առաքելութեամբ
զբաղող 300 կազմակերպութիւններ։ Սոյն համաժողովի պատուոյ հիւրերէն է նաեւ Նոր Աւետարանացումի
Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ Րինօ ֆիզիքելլան։
- 30 յուլիսէն
- 3 օգոստոս Բէրուի Լիմա քաղաքի մէջ տեղի կ՛ունենայ Ակոստինեան Միաբանութեան դաստիարակներու
Գ վեհաժողովը որուն կը մասնակցին, համայն աշխարհէն Լիմա ժամանած, աւելի քան 250 դաստիարակներ
ու աշակերտներ։ Վեհաժողովին բնանիւթն է <<Աւետարանի դուռը, ճանապարհորդութիւն դէպի Արքայութիւն>>։
-
30 յուլիսին Վաշէնկթոնի մէջ կը ներկայցուի Միացեալ Նահանգներու Պետական Քարտուղարութեան
կողմէ պատրաստուած, աշխարհի մէջ կրօնի ազատութեան մասին հրատարակուած տեղեկագրութիւնը։
Ներկայացումի ընթացքին ելոյթ կ՛ունենայ նաեւ Ամնի Պետքարտուղար Հիլարի Քլինթոն։
-
Այսօր 30 յուլիսին վերջ գտաւ Լատին Ամերիկիոյ եւ Գարայիպեան կղզիներու եպիսկոպոսներու
եւ եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու պատուիրակներու պատրաստողական ժողովը ի տես յառաջիկայ
հոկտեմբերին` Նոր Աւետարանութեան նիւթին մասին, Վտաիկանի մէջ գումարուած եպիսկոպոսական
13րդ սիւնհոդոսին։ Վերոյիշեալ ժողովին մասնակցած է, ի մէջ այլոց, Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի
Ընդհանուր քարտուղար գերապայծառ Նիքոլա Էթէրովիչ արքեպիսկոպոսը։