2012-07-30 10:05:53

Ռայի Պատրիարքը Կը Հաստատէ, Որ Լիբանան Կը Պատրաստուի Ընդունելու Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ շեշտեց, որ Լիբանան իր քրիստոնեայ եւ իսլամ քաղաքացիներով կը պատրաստուի յառաջիկայ սեպտեմբերի կիսուն հիւրընկալելու Պենետիկտոս ԺԶ. պապը եւ խանդավառ է այդ այցելութեան առիթով:
Այս շրջագիծին մէջ, Ռայի պատրիարքը լուսարձակի տակ առաւ շրջանային իրադարձութիւնները, որոնց առնչութեամբ ան ցաւ յայտնեց:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ մարոնի եկեղեցին եւ հանրապետութեան նախագահութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութիւնը ըլլայ քրիստոնէական գարուն մը եւ դրական ազդեցութիւն ունենայ «Արաբական գարնան» վրայ:
«Այս առիթով ես կ՛ուզեմ հարց տալ, որ արդեօք Սուրիոյ մէջ ամէնօրեայ դրութեամբ հարիւրաւոր նահատակներուն գոյութիւնը գարուն կարելի՞ է կոչել», ըսաւ Ռայի պատրիարքը` աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը տրամադրելու մասին ոչ ոք կը խորհի:
Ան մաղթեց, որ Սուրիա ամէն գնով ջանայ վերջ տալ զինեալ բախումներուն:
ՆՇԵՆՔ, որ Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ եւ անոր հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու յառաջիկայ ամսուան ընթացքին Աքքար կատարելիք իր այցելութեան մանրամասնութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.