2012-07-30 13:01:42

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքը։
Կոչ` Սուրիոյ ի նպաստ ։


Կիրակի 29 յուլիս 2012-ի կէսօրին Գասթելկանտոլֆոյի ամարանոցի ներքնափակի պատշգամէն, հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց Հրեշտակ Տեառն կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։

Աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը կատարեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումներու մասին (ըստ լատինաց) ուր կը պատմուի Յիսուսի կատարած հացերու բազմացումի հրաշքը։
Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց հաւատացեալները Քրիստոսի նման <<բաժնելու Աստուծոյ բարի աւետիսը>>։ <<Մի տատամսիք Անոր մասին խօսելու ձեր շուրջիններուն>> ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով որ շատեր են անոնք որ զԱստուած կը փնտռեն։ Ան ապա յոյս յայտնեց որ <<արժանավայել կեանք մը ապրելու հացը չի պակսի ոչ մէկուն մաղթելով որ անհաւասարութիւնները խորտակուին ոչ բռնութեամբ այլ սիրոյ ույժով եւ բաժնեկցութեամբ։

Խորհրդածութեաան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ Սուրիոյ տաքնապալից իրավիճակին << մօտէն կը հետեւիմ սուրիոյ ողբալից իրադարձութիւններուն որ մահ, սարսափ եւ գաղթականութիւն կը պատճառեն։ Կոչ կ՜ ուղղեմ որ այս վերջիններուն ապահովուի մարդասիրական օժանդակութիւնը։Մօտիկութիւնս յայտնելով տառապեալ ժողովուրդին ու անոնց ապահովցնելով իմ աղօթքներս կը նորոգեմ կոչս որ արիւնահոսութիւնն ու բռնութիւնները դադրին։ Աստուծմէ կը խնդրեմ որ իմաստութիւն պարգեւէ պատասխանատուներուն որպէսզի չի զլանան հետապնդելու խաղաղութեան ճանապարհը` երկխօսութեան եւ համերաշխութեան միջոցաւ հասնելու համար ընդհարումներու քաղաքական լուծումի։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց նաեւ Իրագի մէջ պատահած վերջին մահափորձերուն մաղթելով որ երկիրը գտնէ հաշտութեան եւ խաղաղութեան ճանապարհը։ Ապա խօսեցաւ Րիո Տէ Ժանէյրօյի մէջ 2013-ին կայանալիք երիտասարդութեան համաշխարհային 28 օրուայ մասին։ <<Երիտասարդներու համար - ըսաւ Սրբազան Հայրը - առիթ մըն է ապրելու եկեղեցւոյ պատկանելու փորձառութեան ուրախութիւնն ու գեղեցկութիւնը հաւատքի ապրումով։ Ի վերջոյ Քահանայապետը անդրադարձաւ Իտալիոյ հարաւային շրջանի փուլիայ մարզի Թարանթօ քաղաքի մէջ Իլվա գործարանի հարցին ուր աւելի քան 12 հազար աշխատաւորներ գործազրկութեան վտանքի տակ են։ Նորին Սրբութիւնը մաղթեց որ այս հարցին <<արդար լուծում>> մը գտնուի։

Պենետիկտոս ԺԶ հուսկ զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք ներկայ հաւատացեալները անոնց տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.