2012-07-30 14:30:51

Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Իտալացի Քաղաքացիները Ստանձնեցին Սուրիական Իշխանութիւններէն


Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը երէկ կէսօրէ առաջ սուրիական իշխանութիւններէն ստանձնած է Սուրիոյ մէջ առեւանգուած իտալացի քաղաքացիներ Քանթանի Օրիանոն եւ Տոմինքօ Թիտսքին:
Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը իտալացի քաղաքացիները ստանձնած է Մասնաայի սահմանին վրայ` ընկերակցութեամբ Պէյրութի մէջ իտալական դեսպանատան դիւանագիտական մէկ պատուիրակութեան:
Մասնաայի շրջանէն իտալական դեսպանատան շքախումբը ազատ արձակուած իտալացիները անմիջապէս փոխադրած է Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուրկէ անոնք իտալական զինուորական օդանաւով փոխադրուած են Իտալիա:








All the contents on this site are copyrighted ©.