2012-07-30 10:02:49

Հալէպի Շուրջ 200.000 Բնակիչ Երկու Օրուան Ընթացքին Լքած է Քաղաքը. Բախումները Կը Շարունակուին


Սուրիոյ տնտեսական մայրաքաղաք Հալէպի շուրջ 200.000 բնակիչ ստիպուած եղած է լքելու քաղաքը, երբ կառավարական ուժերը Յուլիս 28-ին սկսած են քաղաքը «մաքրել» զինեալ ընդդիմադիրներէն: Այս մասին յայտարարած է ՄԱԿ-ի մարդասիրական առաքելութեան կազմակերպութեան ղեկավար Վալերի Ամոսը:

Ըստ France press գործակալութեան՝ Ամոս անհանգստութիւն յայտնած է, որ կառավարական զօրքերը Հալէպի մէջ հրասայլեր, հրետանի ու ծանր զէնքեր կը կիրառեն: Անոր տուեալներով` բազմաթիւ բնակիչներ կը փափաքին լքել ռազմական գործողութիւններու վայրերը, սակայն նման հնարաւորութիւն չունին: Բացի այդ` Հալէպի մէջ կայ խմելու ջուրի, ինչպէս նաեւ մաքրութեան պարագաներու պակաս:

Ականատեսները կը պնդեն, սակայն, որ հակառակ կառավարութեան ջանքերուն՝ առայժմ հնարաւոր չէ եղած ճնշել ապստամբները:

Սուրիոյ կառավարութիւնը Հալէպի համար պայքարը կը դիտարկէ իբրեւ քաղաքացիական պատերազմի եզրափակիչ փուլ, սակայն ընդդիմութեան հրամանատարները կը խոստանան Հալէպը «գերեզման դարձնել սուրիական բանակի համար»:

Հալէպը Սուրիոյ խոշորագոյն քաղաքն ու տնտեսական կեդրոնն է` շուրջ 2.5 միլիոն բնակչութեամբ: Վերջին օրերու մարտական գործողութիւններուն ընթացքին զոհերու եւ վիրաւորներու մասին ստոյգ տեղեկութիւններ չկան տակաւին:

Տեղեկութիւններ կան, որ երէկ Հալէպի Սալահըտտին թաղամասին մէջ՝ Սուրիական կառավարական զօրքերէն անջատուելով՝ չորս հրասայլի անձնակազմ անցած է Սուրիական ազատ բանակին կողմը:

Երկրի արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուաալէմ, սակայն, Իրան կատարած այցելութեան ընթացքին յայտարարած է, որ Հալէպի մէջ իրենք պիտի յաղթեն:

Սուրիոյ ազգային խորհուրդը, իր հերթին, միջազգային հանրութեան կոչ ուղղած է զինելու սուրիացի ապստամբները:
Ազգային խորհուրդի ղեկավար Ապտուլպասիթ Սէյտան՝ Ապու Տապիի մէջ յայտարարած է, որ իրենց անհրաժեշտ են հրասայլերու, ռազմական օդանաւերու դէմ արդիւնաւէտ զէնքեր:

Ան նաեւ պնդած է, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշար ալ Ասատին որեւէ երկրի մէջ ապաստան տալու փոխարէն պէտք է դատել` «իրականացուցած սպանդին պատճառով»:

Սուրիոյ մէջ շուրջ 18 ամիս շարունակուող ռազմական գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ արդէն զոհուած է շուրջ 19.000 մարդ:








All the contents on this site are copyrighted ©.