2012-07-28 08:53:09

''Միջկրօնական Երկխօսութիւն'' Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի Սահմանադրութեան Հիմնարկը Կամուրջներ Կը Կառուցէ Մահմետականութեան Ու Քրիստոնէութեան Միջեւ։


Իտալիոյ մէջ իսլամ պատասխանատու մը քրիստոնէութեան մասին դասընթացքի կը հետեուի։

Փաքիստանի Իսլամ-քրիստոնեայ յարաբերութիւններու կեդրոնի պատասխանատու Սուհէյլ Ռազա, Իտալիոյ եւ Վատիկանի մէջ վեց ամսուայ քրիստոնեական դասընթացքի հետեւեցաւ, շնորհիւ ''Միջկրօնական երկխօսութիւն'' Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի սահմանադրութեան հիմնարկին։ Դասընթացքին աւարտին Սուհէյլ Ռազա մամուլին հետ ունեցած ելոյթին ընթացքին յայտնեց որ իմ մօտեցումը քրիստոնեական կրօնին խորապէս զիս յուզեց ու ներքնապէս հարստացուց առիթ տալով լաւ ճանչնալու քրիստոնեական կրօնը եւ վերատեսելու բոլոր այն նախապաշարումները որ իսլամը ունի հանդէպ քրիստոնէութեան։ Յայտնենք որ ''Միջկրօնական երկխօսութիւն'' Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի սահմանադրութեան հիմնարկը Լահորի իսլամական կեդրոնին նուիրեց Ս. Գիրքի, աստուածաբանութեան, փիլիսոփայութեան, ծէսի ու կրօնական երկխօսութեան նիւթերով 300 հատորներ։ Վատիկանեան հիմնարկին նպատակն է միջկրօնական երկխօսութիւնը զարգացնել մշակութային ու համալսարակնական նախաձեռնութիւններու միջոցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.