2012-07-27 11:10:38

Չինացի Լիու Բենկ Մտաւորականը Կ'արտայայտուի Կրօնքի Անհրաժեշտութեան Մասին`
Հոգեւորութիւնը էական է Չինաստանի Բարգաւաճումին Համար։


Չինաստանի ներկայ կառավարութեան անդամ մտաւորական Լիու Բենկ հարց տուած է թէ ի՞նչ կը պակսի 21-րդ դարու Չինաստանին եւ թէ ներկայ Չինաստանը ի՞նչ բանի կը հաւատայ։ Ան ցաւ յայտնած է արժէքներու կորուստին ի տես ներկայ ընկերութեան մէջ հաստատելով թէ համայնավար տեսլականը ի վիճակի չէ այս պարապը լեցնելու։ Ան ցաւով դիտել տուած է ընկերութեան մէջ տեղի ունեցող զարհուրելի գայթակղութիւնները, սկսեալ կաշարակեռութիւններէն, մանուկներու մարմնավաճառութեան ցանցերէն եւ ապականութենէն։
Այս ամէնը ցոյց կու տան որ բարոյական հարցերը հետեւանքն են արժէքներու խախտումին ու հոգեւորութեան պակասին։ Մտաւորական Լիու Բենկի գնահատումով Չինաստանի ապագան կախում չունի նիւթականէն այլ հոգեւորէն։ Ներկայ Չինաստանը կը տառապի հաւատքի ու բարոյականի լուրջ պակասէն։ Ժամը հնչած է վառելու հոգեւոր ջահերը լուսաւորելու համար մեր ազգին ու երկրին բարգաւաճումի ճանապարհը - ըսած է Ան։








All the contents on this site are copyrighted ©.