2012-07-27 12:11:46

Նոր Աւետարանացումը Եւ Քրիտոնէական Հաւատքի Փոխանցումը


Քահանան՝ ուսուցիչ Աստուծոյ խօսքին
Պենեդիկտոս ԺԹ. Սրբազան Քահանայապետը 2010 տարին հռչակած էր «Քահայական տարի», որուն ընթացքին զանազան առիթներով խորհրդածեցինք քահանային եւ քահանայութեան վսեմ կոչման մասին: Իսկ յառաջիկայ 7 - 28 Հոկտեմբեր, Վատիկանի մէջ պիտի գումարուի Տիեզերական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ԺԳ Սիւնոդոսը, որուն բնագիրն է ինչպէս կանխաւ քանիցս կրկնեցինք՝ «Նոր աւետարանացումը եւ քրիտոնէական հաւատքի փոխանցումը»: Հետեւաբար, մեր հաղորդումներուն մէջ էական կը թուի մեզի անդրադառցումը եկեղեցական դասի մասին, որուն գլխաւոր պարտականութիւնն է հովուել ժովովուրդը, եւ զայն առաջնորդել դէպի երկինքի արքայութիւնը՝ Աւետարանի ճամբով:
Քահանան ուսուցիչ է Աստուծոյ խօսքին: Արդ, քարոզութիւնը եւ աւետարանացումը քահանային աւագ պարտականութիւնն է: Սուրբ Պօղոս Կորնթացիներու ուղղած նամակին մէջ կը գրէ. « Եթէ Աւետարանը կը քարոզեմ, ինծի համար պարծանք մը չէ, այլ պարտականութիւն մը, որ վրաս գրուած է. եւ վա՛յ ինծի եթէ Աւետարանը չքարոզեմ»:
Ի՞նչ է ուրեմն աւետարանացումը: Աւետարանել կը նշանակէ Աստուծոյ անունով խօսիլ մարդոց: Փրկութիւնը ամէնուն պարգեւել, ինչպէս որ գրուած է. «Որքան գեղեցիկ են խօսքերը անոնց, որոնք կը քարոզեն խաղաղութեան Աւետարանը, որ կ՛աւետեն ուրախ լուրը երկնաւոր բարիքներու» (Հռոմ. 10, 15 )
Եկեղեցւոյ հիմնարկութեան օրերուն, միայն եպեսկոպոսը կը քարոզէր: Հաւատացեալներու կարիքները ստիպեցին եպիսկոպոսները, որ քահանաներուն փոխանցեն այս պաշտօնը. եւ այս պաշտօնը եղաւ քահանային առաջին գործը:
Ս. Ստեփանոսի, Ս. Պետրոսի եւ Ս. Պօղոսի քարոզները, զորս կը կարդանք Գործք Առաքելոցի մէջ, հաւատարիմ արձագանգն են Քրիստոսի աստուածային կեանքին: Իրապէս կարելի է ըսել թէ Քրիստոս իրենց մէջ կատարեց իր խոստումը. « Ով որ ձեզի լսէ, ինծի կը լսէ»:
Իրենց խօսքերն ու գրութիւնները վեհ վերացումներ են, խոր ու տպաւորիչ, մեծ ու պարզ: Իրենց բոլոր էութիւնը տպաւորութեան տակն էր աստուածային դէպքերու եւ ճշմարտութիւններու, որոնց յաւիտենական իրականութիւնը կը կարոզէին իրենք: Անոնք պէտք չունէին ոչ պատրաստութեան, ոչ ուսումնասիրութեան եւ ոչ իսկ խորհրդածութեան: Կը խօսէին այնպէս, ինչպէս իրենց Վարդապետը խօսած էր, ինչպէս որ Ս. Յովհաննէս կ՛ըսէ. « Մենք կը խօսինք ինչ որ գիտենք եւ կը վկայենք ինչ որ տեսանք» (Յով. 3, 11)
Քահանան անշուշտ պիտի չսպասէ որ ներշնչուի առաքեալներուն նման, սակայն կարելի ալ չէ սահման դնել շնորհքներուն ու լոյսին, զոր Աստուած կը պարգեւէ իրեն աղօթողներուն: Աստուած անոնց կու տայ բերան եւ իմաստութիւն, որ կարեւոր են խօսելու աշխարհին իր անունով: Ան իր ծրագիրները իրենցմով կ՛իրագործէ: Քահանան չի գիտեր թէ որու սահմանուած է իր կատարելիք առաքելութիւնը, եւ յաճախ կը պատահի որ քահանան ուշ կը գիտնայ թէ իր այսինչ խօսքը այն շրջանին եւ այնինչ տեղը դպած է սրտի մը, շարժած է կամք մը եւ հոգի մը Աստուծոյ առաջնորդած է: Բայց քահանաները երբեք պիտի չգիտնան այս աշխարհի մէջ թէ Աստուած ի՛նչ կրնայ ըրած ըլլալ հոգիներու մէջ իրենց առաքելութեամբ եւ առանց իրենց գիտութեան: Ասոր համար է որ Թրենթոյի ժողովը կ՛ըսէ . « Հացդ անցնող ջուրերու վրայ տարածէ, որովհետեւ զայն պիտի գտնես շատ ժամանակ վերջ»: Կամ ալ. « Սերմդ ցանէ առտուընէ եւ գիշերը ձեռքդ պարապ չկենայ, որովհետեւ չես գիտեր թէ ո՞րը առաջ պիտի ծլի. ասիկա՞ թէ անիկա. իսկ եթէ երկուքն ալ ծլին աւելի լաւ պիտի ըլլայ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.