2012-07-27 11:10:15

Հնդկաստանի Եպիսկոպոսները Կը Հրաւիրեն Կաթողիկէ Երիտասարդները Ազգային Հոգեւոր Կրթութեան։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի կողմէ հռչակուած <<Հաւատոյ Տարւոյն>> առթիւ Հնդկաստանի Եպիսկոպոսները հրաւէր մը ուղղած են երկրին երիտասարդութեան` երիտասարդական ընդհանուր հոգեւոր կրթութեան մը մասնակցելու ու միասնաբար նշելու Հաւատոյ Տարուայ բացումը։
Յայտնենք որ հաւատոյ տարին սկիզբ կ՛առնէ յառաջիկայ 21 հոկտեմբերին Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի 50րդ տարեդարձի եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ քրիտոնէականի հրատարակաման 20րդ տարեդարձի առթիւ։
Վերոյիշեալ Երիտասարդական հոգեւոր կրթութիւնը, կազմակերպուած` Հնդկաստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի երիտասարդներու հովութեան գրասենեակի կողմէ, տեղի պիտի ունենայ Տելհիի Թեմին մէջ 21 - 24 հոկտեմբեր։
Սոյն հաւաքին կը սպասուին 15 - 30 տարեկան, երկրի զանազան թեմերէն, աւելի քան 4 հազար երիտասարդներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.