2012-07-27 12:01:40

Կարտինալ Սանտրիի միջամտութիւնը Ս. Աթոռի Մօտ Հաւատարմագրուած Եւրոպայի Դեսպաններու Հաւաքին` Կիպրոսի Եւրոմիութեան Վեցամսեայ Նախագահութեան Առթիւ։


Ընդառաջելով Ս. Աթոռի մօտ Կիպրոսի դեսպան Ժորժ Բուլիտէսի հրաւէրին, Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին նախագահը կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի հետեւեալ միջամտութիւնը կատարեց Եւրոպայի բոլոր դեսպաններու ներկայութեամբ, հարցադրելով որ Եւրոպան, իրականութեան մէջ, ի՞նչպիսի ցամաքամաս մը կ'ուզէ ըլլալ։

Ինչպէս ամենուն յայտնի է, ըսաւ կարտինալ Սանտրին, Կիպրոսի վեցամսեայ նախագահութիւնը կը մտի իրականացնել հետեւեալ չորս կէտերը.

1) Աւելի ազդեցիկ եւ աւելի զօրավիգ Եւրոպա մը.
2) Տնտեսապէս աւելի լաւ պայմաններու մէջ ապրող Եւրոպայ մը.
3) Իր քաղաքացիներուն համար աւելի ներկայ Եւրոպայ մը, շնորհիւ ճշմարիտ զօրակցութեան ու ընկերային յարումին.
4) Աշխարհի մէջ աւելի ներկայ Եւրոպայ մը միշտ աւելի զգայուն իրեն դրացի երկիրներուն նկատմամբ։

Այս չորս կէտերը, ըսաւ կարտինալ Սանտրին, իրենց էութեամբ, կը ներկայացնեն Եւրոպայի քաղաքացիներու բաղձանքին իրականացումը։
Կիպրոսը իր այս սքանչելի ծրագիրով կը մտի հաւասարութիւն հաստատել Եւրոպայի ու աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն միջեւ։ Հիանալի պարտականութիւն մը, որ կարելի է իրագործել, հակառակ ներկայ տնտեսական անվերջանալի տագնապին, քանի այս ծրագիրը կը հաւատայ Եւրոպայի Հոգիին։ Ասիկայ գլխաւորութիւնն է գլխաւորութիւններու` հաւատալ ցամաքամասի մը որ չի հրաժարիր իր հոգեւորութենէն, եւ քրիստոնէական ժառանգութիւնը անբաժան մէկ մասն է այդ հոգեւորութեան։ Հետեւաբար, ըսաւ կարտինալ Սանտրին, Կիպրոս կը հանդիսանայ պատկերը այս հոգեւոր Եւրոպայի եւ որպէս այդ պէտք է ճանչցուի ու գործէ վեցամսեայ նախագահութեան ընթացքին։
Ծիրանաւորը ապա յիշեցուց որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յունիս 2010-ին կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին ընդգծեց Կիպրոսը որպէս <<օրհնուած քրիստոնէական զօրաւոր ժառանգութեամբ եւ մաս կազմելով Եւրոպայի միութեան օգտուեցաւ այդ միութեան նիւթական բարիքները։ Իր կարգին, Կիպրոս` հարուստ հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեամբ կանչուած է իր նպաստը բերելու Եւրոպայի։>> Կիպրոս իր աշխարհագրական դիրքով կանչուած է ըլլալու կամուրջը ընդմէջ Եւրոպայի ու Միջին Արեւելքի, ուր այս աշխարհամասը ներկայիս ողբերգական կացութեան մէջ կը գտնուի եւ որուն հետեւանքով տասնեակ հազարաւոր քրիստոնեաներ կը գաղթեն։
Արեւելեան Ժողովի Կառավարիչը իր միջամտութեան աւարտին հրաւիրեց Կիպրոսը երկխօսութեան ու համագործակցութեան դեր մը կատարելու եւ յիշեցուց որ յառաջիկայ սեպտեմբերին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Լիբանան պիտի այցելէ, Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսներուն յանձնելու սիւնհոդոսական յորդորագիրը։
Աղօթքս է, ըսաւ Կարտինալ Սանտրին, որ Եւրոպայի բոլոր դեսպանները իրենց սատարը բերեն հոգեւոր Եւրոպայի բարգաւաճումին ի նպաստ եւ որպէս Միջին Արեւելքի դրացիներ օգնութեան հասնին Արեւելքի ժողովուրդներուն եւ մասնաւորապէս քրիստոնեաներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.