2012-07-27 10:51:17

Լոնտոնի Մէջ Այսօր Կը Մեկնարկեն Ողիմպիական Խաղերը.
Հայաստանէն Կը Մասնակցի 25 Մարզիկ


Եօթ տարի նախապատրաստական աշխատանքներէն ետք, այսօր Միացեալ Թագաւորութեան մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ պիտի մեկնարկեն Ողիմպիական 30-րդ խաղերը:
Խաղերը հիւրընկալելու իրաւունք Միացեալ Թագաւորութեան մայրաքաղաքը ձեռք բերած է 2005-ին Սինկափուրի մէջ` առաջ անցնելով այնպիսի մրցակիցներէ, ինչպէս` Մոսկուան, Նիւ Եորքը, Մատրիտն ու Փարիզը:
Մինչեւ Օգոսոտոս 12 տեւող մրցումներուն պիտի մասնակցի 205 երկիր ներկայացնող 10.500 մարզիկ: Հայաստանը պիտի ներկայացնէ 25 մարզիկ: Պիտի խաղարկուի մետալներու 30 հաւաքածու: Մարզական մրցումները պիտի լուսաբանէ աւելի քան 28.000 լրագրող, իսկ խաղերուն՝ մեծ պաստառնեու օգնութեամբ՝ պիտի հետեւին միլիառաւոր հեռուստադիտողներ:
Խաղերու կազմակերպիչ կոմիտէի հաւաստիացմամբ` «Ողիմպիատա-2012»-ը իր ետին պիտի ձգէ նախորդ` բեգինեան մրցումները, որոնք մասնագէտներու կողմէ լաւագոյնը ճանչցուած էին ողջ ողիմպիականի պատմութեան մէջ:
«Մենք պիտի ներկայացնենք Լոնտոնի բացառիկութիւնը` իբրեւ աշխարհի մեծագոյն քաղաքներէն մէկը: Մենք ատիկա կը փափաքին ցուցադրել ողջ աշխարհին»,- ըսած է Մեծ Բրիտանիոյ մշակոյթի, սփորթի ու զանգուածային լրատուամիջոցներու նախարար Ճերըմի Հանդ:
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժաք Ռոկէն եւս կարծիք յայտնած է, որ լոնտոնեան ողիմպիականը պիտի դառնայ «ամենահզօրը», որ չեն կրնար մթագնել ոչ եղանակային քմահաճոյքները, ոչ ալ կազմակերպչական մանր-մունր թերութիւնները:
Լոնտոնը ողիմպիական խաղերը կ’ընդունի արդէն երրորդ անգամ, առաջին անգամ` 1908 թուականին, երկրորդ անգամ` 1948-ին:
Այսօր երեկոյեան պիտի ներկայացուի «Հրաշքներու կղզի»-ն: Աւելի քան 42 միլիոն տոլար արժող ցուցադրութիւնը պիտի ուղեկցուի արհեստական անձրեւով, Կլասդոնպերեան յայտնի երաժշտական փառատօնի նկարներով (Մեծ Բրիտանիայի ամենամեծ երաժշտական իրադարձութիւնը), «քրիքէթ» խաղով եւ այլն, իսկ ցուցադրութիւնը պիտի եզրափակէ Beatles խումբի անդամ Փոլ Մաքքարթնին, որ պիտի կատարէ Hey Jude երգը:








All the contents on this site are copyrighted ©.